Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծանուցողական. Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը Տուաւ 2019-2020 Տարեշրջանի 36 Շրջանաւարտներու Հունձքը

Յուլիս 27, 2020
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի շրջանաւարտից հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24 յուլիս 2020-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, դպրոցի տեսչական եւ ուսուցչական կազմին, ծնողներու եւ հարազատներու:

Երեսունվեց շրջանաւարտներու մուտքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ- Հարպոյեան վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութիւնը:

Շրջանաւարտներէն Խաչիկ Օքսազեան, Մելինա Լիպար եւ Սթեֆանի Փափազեան յաջորդաբար ուղղեցին իրենց սրտի խօսքը հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով: Բոլորն ալ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ մանաւանդ իրենց ծնողներուն, որոնց շնորհած հոգեւոր, կրթական, դաստիարակչական ու գիտական պարգեւներով պատրաստ են վճռական ու հաստատ քայլերով նետուելու կեանքի նոր փուլ…

Յայտագիրին գեղարուեստական բաժինով խումբ մը աշակերտուհիներ հանդէս եկան «Սասնայ պար»-ով: Սասունցիներու հզօր կամքն ու յաղթական ոգին տիրած ըլլալով, կարելի չէր 2019-2020 տարեշրջանի Լիբանանի ու Հայաստանի մշուշապատ իրավիճակը չյաղթահարել. հայ երիտասարդի ուժգին ապրումը արտայայտեց շրջանաւարտ Մեղրի Էքշեան` ըսելով. «Հաւատքի արեւը վառ կը շողայ մեր հոգիներուն մէջ, կեանքի գարունը մշտադալար կը ծաղկի մեր սրտերուն մէջ, Սասնայ արիւնը կատաղի կ՛եռայ մեր երակներուն մէջ, յարութեան աւետիսը ցնծագին կը ցայտի մեր մէջէն, քանի որ մենք ենք Արարատը, մենք ենք Արցախը, մենք ենք Տաւուշը, եւ մերն է յաղթանակը»: Ապա խումբ մը տղաք հայոց տհոլի ու զուռնայի ձայնով թնդացուցին բեմը. «Եարխուշտա» պարով կարծես մշուշը փարատեցին, ոտքերու խփումով իրենց կամքը արտայայտեցին ու ձեռք-ձեռքի զարնելով կեանքը փառաւորեցին… Պատուի կենալով հայկական բանակը ողջունեցին, ուժ եւ կորով մաղթելով` անոր յաղթանակը ապահովեցին:

Ապա Մարկրիթա Մալտոսեան, Անդրանիկ Յորդանեան եւ Մեղրի Էքշեան կատարեցին «Տուն իմ հայրենի» երգը:

Շրջանաւարտներ Սինթիա Ժամկոչեան, Արեգ Չաղլասեան եւ Մոսիկ Քիւրքճեան դպրոցի վահանը` իբրեւ տգիտութեան դէմ պաշտպան, ինչպէս նաեւ պատուի ու յաղթանակի խորհրդանիշ, յանձնեցին 11-րդ դասարանի երկու աշակերտներու` Անժելա Յովհաննէսեանին եւ Հրակ ՏԷրտէրեանին, որպէսզի յաջորդ սերունդը շարունակէ վարժարանին գոյերթը:

«Հայաստանի բարեւ» երգով շրջանաւարտները ճոխացուցին մթնոլորտը, որմէ ետք Կրէյս Քէօշկերեանի «Եու Ռէյզ մի ափ» երգին ընկերակցութեամբ, բոլորը իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտող յատկանշական ճերմակ վարդով մը բեմէն վար իջան պատուելու իրենց ծնողները:

Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան արտասանեց տնօրէնութեան խօսքը եւ յայտնեց, որ երկար տարիներէ ի վեր սփիւռքի հայկական կառոյցներուն եւ յատկապէս Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հզօրագոյն մարտահրաւէրներէն մէկը եղած է հայկական կրթօճախի պահպանումն ու զարգացումը, սակայն 2019-2020 դպրոցական տարեշրջանը իր անսպասելի հարուածներով` սկսելով Լիբանանի ընկերային-տնտեսական վատթարացող իրավիճակէն, եւ անոր պատճառով ծնունդ առած ժողովրդային բողոքի շարժումներէն, շարունակելով «Քորոնա» ժահրի անկանխատեսելի սպառնալիքով եկաւ անգամ մը եւս փորձելու հայ դպրոցին ու կրթական մշակին արհեստավարժութիւնն ու աննկուն կամքը:

Անդրադառնալով 2019-2020 տարեշրջանի գործունէութեան` ան յայտնեց, որ ժողովրդային բողոքի շարժումներուն պատճառած փոթորկալի ու անապահով օրերու ընթացքին վարժարանի տնօրէնութիւնը մօտ երկու շաբաթ դպրոցին մէջ դադրեցնելէ ետք  դասաւանդութիւնը` շնորհիւ գիտակից ու հեռատես տնօրինումի, յաջողեցաւ այդ շրջանին կորսուած դասապահերը վերադասաւորմամբ մատակարարել աշակերտներուն, իսկ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ յանդիման տնօրէնութիւնը անգամ մը եւս ի գործ դրաւ իր բոլոր ուժերը` կարելիութեան սահմաններուն մէջ ոտքի պահելու դպրոցական տարեշրջանը. ան մարզումներ կազմակերպեց ուսուցչական կազմին` անցնելու համար առցանց ուսուցման, եւ այսպիսով վարժարանը շուտով անցաւ «թուային աշխարհ»: Այս առիթով, երեք ամսուան միջոցին, տեղի ունեցան աւելի քան ինը հարիւր ուղիղ եթերով առցանց դասապահեր, ինչպէս նաեւ աւելի քան երկու հարիւր յիսուն ուղիղ եթերով առցանց ուղղախօսական եւ հոգեշարժական դասընթացքներ` ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն համար: Պատրաստուեցան աւելի քան չորս հարիւր յիսուն դասաւանդական տեսերիզներ, ինչպէս նաեւ աւելի քան ութ հարիւր աշխատանքային վարժութիւններու թղթածրարներ:

Ան նաեւ նշեց, որ վարժարանը առաջիններէն հանդիսացաւ կազմակերպելու «Քորոնա» ժահրի նիւթին շուրջ յատուկ բժշկական դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ ժահրէն նախազգուշանալու համար կարեւոր օգտաշատ գիտելիքներու արեւմտահայերէնով ներկայացումներու նախաձեռնութեան: Նախանձախնդիր ըլլալով անձնակազմին եւ այցելուներուն առողջապահութեան` վարժարանին մէջ օգտագործուեցան մաքրութեան ու հականեխման արդիական լաւագոյն միջոցները:

Գարատաղլեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամենաբարին Աստուծոյ, որ միշտ Իր հովանիին տակ պահած է այս վարժարանը, ինչպէս նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին իր հայրական հոգատարութեան համար, ապա Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի ու Զմմառու կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի, իր եղբայրական խրատներուն ու հսկողութեան համար, վարժարանի տնօրէն եւ հոգեւոր հովիւ Գրիգոր վրդ. Պատիշահին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի անդամ-անդամուհիներուն, վարժարանի ծնողական ու տիկնանց յանձնախումբերուն, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օտարերկրեայ անանուն բարերարներուն, որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններով վարժարանը կը շարունակէ կանգուն մնալ զանազան մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման:

Վերջապէս խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Արամ Գարատաղլեան ըսաւ. «Տարիներ շարունակ այս կրթօճախը ձեւաւորեց ձեր նկարագիրն ու հոգին, լուսաւորեց ձեր միտքերը, ինչպէս նաեւ ուղղակի եւ անուղղակի ձեւերով ձեզի պատրաստեց ապագային: Այս գեղեցիկ երեկոյեան յաջորդող օրերը այնքան ալ դիւրին կրնան չըլլալ, պիտի հանդիպիք զանազան խոչընդոտներու, դժուարութիւններու եւ փորձառութիւններու, ուր գործնականի պիտի վերածէք ձեր հաւատքը, կամքն ու  տարիներու ընթացքին ամբարած գիտելիքները, եւ ձեր տքնաջան  ու արդար աշխատանքի պտուղներով պարտաւոր էք դառնալ հայ ազգին ու հայրենիքին պարծանքը…»:

Տնօրէնութեան խօսքին յաջորդեց վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք Սեպուհ վրդ. Կարապետեան ուղղեց իր հայրական պատգամը: Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ, հակառակ աշխարհն ու Լիբանանը հարուածած բազում դժուարութիւններուն, ուրախալի է այս հանդէսը, որ յոյսի եւ հպարտութեան աղբիւր է նաեւ: Ան շնորհաւորեց վարժարանի տնօրէնութիւնը, անձնակազմն ու ուսուցչակազմը, ինչպէս նաեւ ծնողները, որոնք իրենց ծով համբերութեամբ կը հնձեն այն, ինչ որ տարիներով ցանած ու խնամած են:

Հայր Սեպուհ աշակերտներուն ուղղելով խօսքը անոնց առջեւ պարզեց կեանքի զանազան տեսակի դժուարութիւնները, պատուիրեց` չվախնալ անկումներէ, քանի որ իյնալով ոտքի կանգնիլ պիտի սորվին: «Ձեր պարտականութիւնն է ձգտիլ գերազանցին, ձգտիլ կարեւորագոյնին, ձգտիլ բարիին, լաւին ու գեղեցիկին, եւ Աստուծոյ  պարտականութիւնն է ձեզի ցոյց տալ լաւագոյն ճամբան, որպէսզի կարենաք հասնիլ…», շեշտեց ան` խրատելով, որ անոնք իրենց կեանքի ընթացքին շարունակեն խոնարհ աշակերտ մնալ, որպէսզի յաջողութիւններու արժանանան, նաեւ թելադրեց չմոռնալ Աստուծոյ ճամբան, չդադրիլ եկեղեցի յաճախելէ, չհեռանալ Քրիստոսի ուսուցումներէն:

Յայտագիրի աւարտին խումբ մը աշակերտներ ճոխացուցին մթնոլորտը «Թուկետըր» պարով:

Յարգուած էին ընկերային հեռաւորութեան բոլոր պայմանները:

Հանդէսը ցուցադրուեցաւ Դիմատետրի առցանց ուղիղ եթերով:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (25 Յուլիս 2020)

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?