Անցեալ շաբաթավերջին սրտի կաթուածի հետեւանքով մահացած է Երեւանի պետական համալսարանի հայ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Կիմ Աղաբէկեանը:
1938 թուականին Սիւնիքի Հարժիս գիւղին մէջ ծնած Կիմ Աղաբէկեանը յայտնի գրականագէտ էր: Գրած է Գուրգէն Մահարիին, Յակոբ Օշականին, Հրանդ Մաթեւոսեանին եւ 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ արձակին` նուիրուած ուսումնասիրութիւններ: Աղաբէկեան Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ էր: Գրական մամուլին մէջ հանդէս եկած է ժամանակակից հեղինակներու գործերուն վերաբերող յօդուածներով:
Բացի Երեւանի պետական համալսարանէն` Կիմ Աղաբէկեան դասաւանդած է նաեւ Պէյրութի Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին եւ Գորիսի պետական համալսարանին մէջ: