Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Հրաւիրուած Է Ս. Սոֆիայի Մէջ Այսօր Տեղի Ունենալիք Առաջին Նամազին

Յուլիս 24, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարի կարգավիճակի փոփոխութենէն ետք այնտեղ 24 յուլիսին տեղի ունենալիք առաջին նամազին հրաւիրուած են տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, որոնց շարքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:

Ս. Սոֆիայի տաճարին մէջ առաջին նամազին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողքին նաեւ ներկայ պիտի ըլլան Քաթարի իշխանը եւ շարք մը երկիրներու ղեկավարներ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ պետական խորհուրդը (բարձրագոյն վարչական դատարան) չեղեալ յայտարարած է Պոլսոյ Ս. Սոֆիայի տաճարը թանգարան դարձնելու մասին 1934 թուականի որոշումը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ատկէ ետք հրամանագիր ստորագրած է տաճարը մզկիթի վերածելու մասին:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ֆրանչիսկոս պապը հրաւիրած է այցելելու Ս. Սոֆիա: Ըստ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընի, Թուրքիան բոլորին հրաւիրած է մզկիթ, ներառեալ` Ֆրանչիսկոս պապին:

Յիշեցնենք, որ պապը անցեալ շաբաթ ցաւ յայտնած էր Ս. Սոֆիան մզկիթի վերածելու որոշումին համար` ըսելով. «Մտածումներս կ՛երթան Պոլիս: Ես կը մտածեմ Ս. Սոֆիայի մասին եւ շատ տխրած եմ»:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու յանձնախումբը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որով դատապարտեց Ս. Սոֆիայի տաճարը` թանգարանէ մզկիթի վերածելու որոշումը:

«Ժողովրդավարութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ օրէնքի գերակայութեան դարաշրջանին մէջ, երբ փորձեր կը կատարուին ջնջելու Ս. Սոֆիայի քրիստոնէական ծագումը եւ այդպիսով դաժանօրէն վերափոխել այս յուշարձանը, որ կը պատկանի ամբողջ մարդկութեան, այդ փորձերը անհասկնալի, վիրաւորական եւ վտանգաւոր են», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ Եւրոպական Միութեան կառոյցները, «իբրեւ եւրոպական եւ համընդհանուր արժէքներու պաշտպաններ եւ իբրեւ եւրոպացի քաղաքացիներու ձայներ», կրնան «եզակի դեր ունենալ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան, պատմական յիշողութեան եւ կրօնական բազմակարծութեան պաշտպանութեան գործին մէջ»:

Եգիպտոսի Գերագոյն Միւֆթին Կը Դատապարտէ
Ս. Սոֆիան Մզկիթի Վերածելը

Իսլամական երկիրներուն մէջ քրիստոնէական եկեղեցիները պէտք է պահպանեն իրենց կարգավիճակը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եգիպտոսի միւֆթի Շաուքի Ալամ:

«Եկեղեցիները պէտք է պահպանուին այնպէս, ինչպէս են, ինչպէս մզկիթները չեն կրնար վերածուիլ եկեղեցիներու», ըսած է միւֆթին: Ըստ անոր, Եգիպտոսի պատմութեան մէջ «այդպիսի բան չէ կատարուած»:

Շաուքի Ալամ շեշտած է, որ տարբեր հաւատքի ներկայացուցիչները պէտք է պահպանեն իրենց եզակի յատկանիշները:

Եգիպտոսի գերագոյն միւֆթին յիշեցուցած է, որ իսլամական կրօնը կ՛արգիլէ ոչնչացնել տաճարները եւ սպաննել վանականները: «Երկրպագութեան վայրերը մարդու հաւատքի առանձնայատկութիւնն են, եւ կարեւոր է անոնց յարգանքով վերաբերիլ եւ պահպանել զանոնք», ըսած է Միւֆթին` մատնանշելով Քորանի բնագիրները, որոնք կը խօսին մարդկութեան համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեան մասին:

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Եւրոպայի Արեւելեան Միջերկրականի Անվտանգութիւնը Թուրքիոյ Նման Այլ Երկիրներու Ձգելը Մեծ Սխալ Է»

Յաջորդը

Զինուորական Միջամտութեան Վտանգներէն Զգուշացնելով Եգիպտոսը` «Լիպիոյ Մէջ Զինադադարը Կախեալ Է Հաֆթարի Ուժերուն Սերթէն Ու Ժուֆրայէն Հեռանալէն» Կ՛ըսէ Թուրքիա

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?