Կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան (ՀԵԴ) ՝ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծի հայկական դիրքերուն եւ բնակավայրերուն վրայ 12 յուլիսին սկսած Ազրպէյճանի բանակի յարձակումներուն դէմ բողոքի եւ դատապարտումի ցոյց մը տեղի ունեցաւ 21 յուլիսին Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ:
Ցոյցին մասնակցող առաւել քան երեք հազար հայորդիներ անգամ մը եւս իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ազրպէյճանական այս նորագոյն սադրանքին դէմ՝ տեղւոյն մամուլին եւ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելով Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ Ատրպէյճանի եւ անոր զինակից Թուրքիոյ նենգ ու ռազմատենչ քաղաքականութեան ծալքերը: Անոնք նաեւ իրենց անվերապահ աջակցութիւնը յայտնեցին հայոց բանակին ու հայ զինուորին։
Հանրահաւաքին ներկայացան նաեւ 30-40 ազրպէյճանցիներ, որոնք փորձեցին սադրիչ գործողութիւններով շեղել հաւաքի խաղաղ ընթացքը, սակայն ոստիկանները կրցան կարգ ու կանոն հաստատել եւ ցոյցը շարունակուեցաւ Ուիլշիր պողոտայի երկու կողմերը: Դիմացի փողոցէն պարբերաբար հնչող ազրպէյճանցիներուն կոչերուն՝ հայ երիտասարդները պատասխանեցին հայրենասիրական երգով ու աւանդական ռազմապարերով:
Խօսք առաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան՝ նշելով, որ «երբ չի մնում ելք ու ճար՝ խենթերն են գտնում հնար»՝ ինչպէս տեղի ունեցաւ 1918-ին Սարդարապատի հերոսամարտին, իսկ երեսուն տարի առաջ ալ Արցախի մէջ:
«Մեր գլխաւոր ուղերձն այն է, որ մենք միասնական ենք, եւ պատրաստ ենք միասնաբար պայքարելու մեր հայրենիքին համար: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ունինք մեր առաջին բանակը, որ անառիկ կը պահէ մեր հայրենիքի սահմանները, եւ մենք ունինք նաեւ երկրորդ բանակ, որ դո՛ւք էք, ու մենք չենք ընկրկիր»:
Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան ՀԵԴ-ի անդամներ Միրան Քասամանեանն ու Ալիք Չերչեանը՝ հայերէնով ու անգլերէնով ներկայացնելով հայ երիտասարդներուն ուղերձը ազրպէյճանական-թրքական յարձակող ուժերուն դէմ եւ յայտնելով իրենց զօրակցութիւնը անձնազոհութեամբ սահմանը պաշտպանող հայ զինուորին: Անոնք շեշտեցին, որ Տաւուշի սահմանէն Հայաստանի վրայ կատարուած ազրպէյճանական յարձակումին մէջ ակնյայտ է Թուրքիոյ միջամտութիւնը։
«Այս անգամ եւս թշնամիին թիրախն էր հայկական հողին վրայ արարող խաղաղասէր հայ ժողովուրդը՝ ազերի ոճրագործ գնդակի թիրախն էր հայ ժողովուրդին անօգնական խաւը՝ մանուկ, կին եւ ծեր: Այս անօրինական յարձակումներէն Հայաստան ունեցաւ մարդկային, բարոյական եւ նիւթական կորուստներ, սակայն պայքարեցաւ ամուր, անկոտրելի ու վեհ կամքով: Յաղթանակած հայկական հզօր բանակը ոչ միայն դիմագրաւեց ոսոխը, այլեւ դարձաւ աւելի հայրենապաշտ, աւելի դիւցազնական ու աւելի ամրակուռ ու յաղթանակի վսեմ դափնիներով նուաճեց նորանոր բարձունքներ: Աշխարհասփիւռ հայութիւնն ու այդ հայութեան մէկ մասնիկը՝ մենք Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան համայնքը, մէկ բռունցք դարձած, անգամ մը եւս զօրավիգ կը կանգնինք մեր անպարտ հայոց բանակին մէջ ծառայող ու սահմանապահ խրոխտ զինուորներուն», նշեց Քասամանեան։
Անոր խօսքին յաջորդեցին ազգային հայրենասիրական երգն ու շուրջպարը:
Հայ համայնքին իրենց աջակցութիւնը յայտնելու եկած էին Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոն, ազգային թէ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Հանրահաւաքին ներկայ էին նաեւ հոգեւորականներ. Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն Երեմիա քահանայ Խաչատրեան նշեց, որ հայ հոգեւորականին պարտքն է ժողովուրդին կողքին ըլլալ. «Սփիւռքի մէջ նման պայքարը հոգեւոր գօտեպնդում է եւ օգնութիւն մեր ժողովուրդին, սահմանին կանգնած մեր զինուորին համար ասիկա հեռուէն օրհնութիւն է»:
Խաղաղ հաւաքի ամբողջ ընթացքին ազրպէյճանցիներու խումբը, դիմացի փողոցէն կը փորձէր սադրել հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Հեռանալու ժամանակ ալ անոնք քարեր ու ջուրի շիշեր սկսան նետել հայկական կողմին ուղղութեամբ, եւ այդքանով չբաւարարուելով անոնցմէ մէկը հարուածեց երիտասարդ հայուհի մը: Անոնց այս քայլը սրեց լարուածութիւնը, եւ հայ ու ազրպէյճանցի ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցան թեթեւ բախումներ: Ոստիկանական ուժերու միջամտութեան շնորհիւ ատրպէյճանցիները կրցան փախուստ տալ, իսկ հայերն ալ իբրեւ աւար վերցնելով անոնց երկրին դրօշը՝ զայն այրեցին Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ: