Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Քաղաքական Ու Ընկերային-Տնտեսական Տագնապներու Լոյսին Տակ. Լուծման Ճիգերը Կը Շարունակուին Բազմակողմանի Մակարդակներու Վրայ

Յուլիս 17, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ու ընկերային – տնտեսական տագնապներն ու անոնց լուծման կարելիութիւնները առանցքը կազմեցին երէկ երկրի վարիչներուն ունեցած հաղորդակցութիւններուն, մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ, ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ: Աւելի՛ն, Լիբանան կը գտնուի մօտալուտ մտահոգիչ ժամկէտներու սեմին, ինչպէս` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցագործներուն գծով 7 օգոստոսին Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք վճիռը եւ այս գծով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտասանելիք խօսքը, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնավարութեան երկարաձգման հարցը, որ կրնայ քաղաքական խաղաքարտի վերածուիլ արտաքին կողմերուն մօտ եւ միւս կողմէ` հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին ճշդումը Իսրայէլի հետ, որուն նախագահը երէկ սպառնաց, թէ Իսրայէլ ձեռնածալ պիտի չմնայ Լիբանանի մէջ իր դէմ հակադրուող արտաքին միջամտութիւններու դիմաց, յայտնապէս ակնարկելով Իրան-Հըզպալլա կապերուն:

Նմանապէս Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի յայտարարութիւնը, թէ Լիբանանի տագնապը ընկերային-տնտեսականէն շատ աւելի հեռու` քաղաքական խորքով տագնապի վտանգ կը սպառնայ: Անոր այս յայտարարութիւնը կ՛առնչուի Լիբանանի ստանձնելիք ՄԱԿ-ի փոխնախագահի ժամանակաւոր «պաշտօնին» եւ Իսրայէլի կողմէ Այսրյորդանանի կցման սպառնալիքներուն:

Նախագահ Աունի Խօսքը

Այս գծով հանրապետութեան նախագահ զօր. ՄիշԵլ Աուն երէկ վերահաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը երկրի պաշտպանութեան գծով: «Չէզոք ըլլալ չի՛ նշանակեր զիջիլ երկրին պաշտպանութեան մեր իրաւունքէն եւ կը շեշտենք, թէ մենք  նախանձախնդիր ենք մեր երկրի պաշտպանութեան` չէզոք ըլլանք կամ ոչ», ընդգծեց նախագահ Աուն երէկ` իսլամ կրօնաւորներու մէկ պատուիրակութեան հետ իր հանդիպումի ընթացքին: Ան նաեւ նշեց, որ ճիգեր կը թափուին սուրիացի գաղթականներու տունդարձին գծով: Իսկ ընկերային-տնտեսական տագնապին գծով նախագահ Աուն վերահաստատեց իր վճռակամութիւնը փտածութեան դիմակալման եւ յանցագործներու հաշուետուութեան գծով: «Դատական մանրակրկիտ հետաքննութիւնը պիտի քողազերծէ փտածութեան բոլոր երեսներն ու յանցագործները», շեշտեց նախագահը` դիտել տալով, որ աշխատանք կը տարուի կարիքաւոր ընտանիքներուն յատկացուող օժանդակութեան գումարը աւելցնելու գծով: Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակին ընդառաջ նախագահ Աունի դրսեւորած այս կեցուածքը անուղղակի պատասխան  մըն էր վերջերս մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին պահանջած «չէզոք քաղաքականութեան» որ ընդգծէ Լիբանանի գերիշխան ու անկախ պետականութեան դիմագիծը:

Այս գծով ուշագրաւ է Վատիկանի կեցուածքը, որ ցնցուած էր իմանալով, թէ մեծ թիւով լիբանանցիներ, յատկապէս քրիստոնեաներ կը միտին գաղթել Լիբանանէն, անմիջապէս որ պայմանները ձեռնտու ըլլան: Այս գծով Վատիկանի շրջանակներ քուլիսներու ետին ահազանգ հնչեցուցած են` Լիբանանի թէ արտաքին կողմերու (Ուաշինկթընի եւ Փարիզի) թելադրելով լուծման անմիջական քայլերու ձեռնարկել, պահպանելու համար Արեւելքի մէջ Լիբանանի քրիստոնէական դիմագիծը: Հոսկէ` Ռայի պատրիարքին կոչը` վերադառնալու Լիբանանի նախկին չէզոք ու Արեւելք-Արեւմուտք կամրջումի դերակատարութեան` միաժամանակ պահելով պետութեան ինքնիշխան հեղինակութիւնը: Փաստօրէն, Փարիզի «Օգնեցէ՛ք, որ օգնենք ձեզի» կոչը ինքնստինքեան չէր եւ կը միտի թափ տալ Լիբանանի բարեկարգման ու ըստ այնմ տրամադրուելիք օժանդակութեանց քայլերուն: Նմանապէս ակնյայտ էր Ուաշինկթընի «մեղմ» կեցուածքը, որ կը վերահաստատէր Լիբանանին եւ յատկապէս անոր բանակին օժանդակելու ամերիկեան յանձնառութիւնը:

Վարչապետարանին Մէջ Եւս

Նոյն ծիրին մէջ վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ մարաթոնային ժողովներ ունեցաւ անջատաբար իւրաքանչիւր նախարարութեան պատասխանատուներուն հետ` մօտէն հետեւելով տարուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան տարողութեան:

Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութեանց գծով եւս քուլիսներու ետին սերտ ճիգեր կը տարուին` կառավարութեան, խորհրդարանին եւ Կեդրոնական դրամատան պատկան պատասխանատուներուն միջեւ, միացեալ կեցուածքով եւ յստակ քայլերով բանակցութեան սեղան նստելու նախանձախնդրութեամբ:

Նաեւ` Դիւանագիտական Մարզին Մէջ

Դիւանագիտական մակարդակի վրայ նոյնպէս ճիգերը շարունակուեցան երէկ` զարկ տալու համար Լիբանանի արտաքին օժանդակութեան նախաձեռնութեանց: Այս իմաստով մօտ օրէն Լիբանան պիտի այցելեն Քաթարի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի մագոգային ճիգերը` երկրի վարիչներուն եւ «բանալի» դեսպանատուներու հետ, իրենց վրայ կեդրոնացուցին հայեացքները: Քուէյթէն ետք Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան հետ Իպրահիմի ունեցած շփումները խոստմնալից կը թուին, թէեւ օժանդակութեան յստակ ժամկէտներ չյայտարարուեցան տակաւին:

Նասիֆ Հըթթի -Ապպաս Իպրահիմ

Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի եւ Լիբանանեւսուրիական գործակցութեան մարմինի նախագահ Նասրի Խուրիի հետ զօրավար Իպրահիմի տեսակցութիւնները նմանապէս դրական քայլ նկատուեցան սուրիացի գաղթականներու տունդարձի նախապատրաստութեան ճիգերուն մէջ: Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր ունեցած հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին տեղեակ պահեց արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթին` անոր հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Իսկ Իրանի դեսպանին Տիման այցելութիւնն ու Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած խօսակցութիւնները նոյնքան յուսատու թուեցան յատկապէս դեսպանին ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքին լոյսին տակ: «Իրան սկզբունքով միջամուխ չէ Լիբանանի ներքին հարցերուն, եւ մենք տրամադիր ենք ամէն օժանդակութիւն յատկացնելու Լիբանանին, պետական թէ ժողովրդային մակարդակներու վրայ», յայտարարեց Իրանի դեսպանը` կոչ ուղղելով բոլոր կողմերուն չզլանալու եւ օգնելու Լիբանանին:

Արտաքին ճակատի վրայ եւս իմացուեցաւ, թէ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանը երէկ նամակ մը յանձնած է ամերիկեան արտաքին գործոց նախարարութեան` առաջարկելով Լիբանանը զերծ պահել «Սիզըր» օրէնքի պատժական տնօրինումներէն, յատկապէս` ելեկտրականութեան, երկրագործութեան եւ սննդեղէնի փոխանցման քայլերու ծիրին մէջ: Նշեալ նամակին մէկ պատճէնը յղուած է նաեւ Աուքարի ամերիկեան դեսպանատան:

Նախորդը

Հակառակ Յայտարարուող Խոստմնալից Կեցուածքներուն. Ժողովրդային Ցոյցերն Ու Բողոքի Ելոյթները Շարունակուեցան

Յաջորդը

«Ռուսիան Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ Մեզի Համար Եղբայրական Եւ Մերձաւոր Երկիրներու` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Համար» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?