Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրը: Հանդիպումէն ետք Աքր յայտնեց, թէ միւֆթի Տըրիանի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները, ապահովական իրավիճակն ու ապրուստի վերաբերող հարցեր:
«Կը վստահինք հոգեւոր հեղինակութիւններուն, որպէսզի անոնք ընդարձակեն լիբանանցիներուն միջեւ հասկացողութեան տարածքը, եւ չարտօնեն, որ քաղաքական որեւէ ընդհարում վերածուի կրօնական, համայնքային կամ յարանուանական տագնապի», շեշտեց ան:
Աքր յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը, որուն նախարարութիւնը ստանձնելու պատիւը կը զգայ, այն հաստատութիւնն է, որ տիպար օրինակ պէտք է ծառայէ Լիբանանին:
«Լիբանանեան բանակը կը ներկայացնէ Լիբանանի պատկերը, անոր միասնականութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Մեր բոլորէն կը պահանջուի զօրակցիլ բանակին եւ անոր նկատմամբ մեր վստահութիւնը ամրապնդել, որպէսզի ան կարենայ պաշտպանել երկրին սահմանները, ամրապնդել միասնականութիւնն ու ազգային համակեցութիւնը», ըսաւ Աքր:
Նախարարը հաստատեց, որ ամբողջ շրջանը երկունքի մէջ է եւ կը վկայէ պատերազմներ` ջուրի, ծովերու, նաւթի եւ բնական հարստութեանց, իսկ երկիրները կը պայքարին իրենց ազգային միասնականութիւնը պահպանելու համար:
«Լիբանան, որ մեծ թիւով տագնապներ ապրած է, անոր զաւակները քաջ գիտեն, թէ արիւնալի բախումներն ու տագնապները, ինչպէս նաեւ սադրանքներու եւ գրգռութիւններէ մղուած արտայայտութիւնները քանդիչ են եւ ատելութիւն կը սերմանեն: Միւֆթի Տըրիան հեղինակութիւն մըն է, որ իմաստուն կեցուածքի կը հաւատայ եւ ատիկա կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ կը հաւատայ սահմանադրութեան կառչած մնալու եւ ատիկա գործադրելու կարեւորութեան, ինչ որ բոլոր լիբանանցիներուն պահանջն է», ընդգծեց Աքր:



