Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Ի ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ԼՈՒԻԶԱ ՊԱՊՈՅԵԱՆ-ԱԶԷԶԵԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՃՆՇՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

January 14, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ  ԼՕԽ-ի  Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին ու ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին եւ գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Նայիրի», «Սեւան», «Գայեանէ» եւ «Արցախ» մասնաճիւղերուն երէկ` ուրբաթ, 13 յունուարի յետմիջօրէին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` «Ջղագրգռութիւնը եւ ընկճուածութիւնը յաղթահարելու կերպերը» նիւթով:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց ԼՕԽ-ի առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ  Յասմիկ Մկրեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն  նշեց, որ յանձնախումբը  Ծաղկաձորի շրջանին մէջ կազմակերպելով իր այս ձեռնարկը նպատակ ունի շրջանի ԼՕԽ-ական ընկերուհիները մասնակից դարձնել կազմակերպուող ձեռնարկներուն,  որոնց  ծիրին մէջ` օրուան դասախօսութիւնը, ճնշուածութեան մասին: Ան աւելցուց, որ դասախօսական այս ձեռնարկները պիտի շարունակուին յառաջիկայ երեք շաբաթներուն, իւրաքանչիւր ուրբաթ  յետմիջօրէին, նոյն վայրին մէջ: Մկրեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի հովանաւոր մեկենասներուն, յատկապէս` ԱՖՀԻԼ-ին, «Թրէյտ փլաս»-ին, փուռ Իշխանեանին եւ ԼՕԽ-ի բարեկամ ընկերոջ մը:

Օրուան բանախօսն էր Սեն Ժոզեֆ  համալսարանի դասախօս, հոգեբան Լուիզա  Պապոյեան-Ազէզեան, որ համակարգչային պատկերիզի օգնութեամբ խօսեցաւ  ճնշուածութեան (stress) մասին: Պարզելէ ետք ճնշուածութեան սահմանումը, ազդանշանները, հետեւանքներն ու զգացումները` ան անդրադարձաւ ճնշուածութիւն պատճառող ներքին թէ արտաքին գործօններուն: «Ճնշուածութիւնը համատեղ պոռթկումն է այն հակազդեցութեանց, զորս մարդիկ կ՛ունենան չափազանց ճնշումներու կամ այլ տեսակի պահանջներու դէմ, որոնք կը դրուին իրենց վրայ»,  նշեց Ազէզեան` թուելով  ճնշուածութեան  ազդանշանները, ինչպէս` մտահոգութիւն, լարուածութիւն, յոգնութիւն, վախ, հրճուանք, ընկճուածութիւն, անձկալից վիճակ եւ բարկութիւն: Ապա դասախօսը խօսեցաւ ճնշուածութիւնը նուազեցնելու միջոցներուն մասին` կեդրոնանալով «Ա-Բ-Գ»-ի ռազմավարութեան վրայ, որուն հիմնական քայլերն են.

Արթնութիւնը, այսինքն անդրադառնալ, թէ ի՞նչն է, որ ճնշուածութիւն կը պատճառէ եւ ինչպէ՞ս կը հակազդես:

Հաւասարակշռութիւնը, թէ` որքանո՞վ մէկը կրնայ հանդուրժել, նախքան ճնշուածութեան  ժխտական գործօնի վերածուիլը:

Հակակշիռը, ի՞նչ կարելի է ընել պայքարելու համար ճնշուածութեան ժխտական ազդեցութիւններուն դէմ, օրինակ` ինքզինք  ճնշուած  զգացող ենթական պէտք է փոխէ իր մտայնութիւնը, վարմունքը, վարուելակերպը եւ ի հարկին` փոխէ իր ապրելակերպը:

Իր խօսքի աւարտին Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան մէջբերում մը կատարեց  Ճեֆ Տէյվիտսընի «Մենէյճինկ  Սթրես» («Դիմակալել  ճնշուածութիւնը») խորագրեալ գիրքէն, եւ նախքան ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղի ատենապետ Վարդուհի  Գա֊լայճ֊եանի փակման խօսքը, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

ՍԱՐԳԻՍ ԱՃԷՄԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ՊԱՏՐԱՍՏ ԼԻՆԵՆՔ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԻՆ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.