5 յուլիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա»-ով վարակուածներու ընդհանուր 28.606 պարագայ, որոնցմէ 16.140-ը` ապաքինած:
Այս մասին յայտնած է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:
Մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 706 նոր պարագայ, 205 ապաքինում: Քննութիւններու ընդհանուր թիւն է 122.682:
Ընդհանուր առմամբ «Քորոնա» ժահրէն մահացածներուն թիւը հասած է 484-ի: