Քոփենհակընի բարձրագոյն դատարանը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ դանիացի ֆութպոլի համակիր մը 320 հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ, որովհետեւ ան Եւրօ-2008-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Դանիա – Շուէտ մրցումին (2 յունիս 2007) յարձակած էր օրուան իրաւարարին վրայ:
Դատարանը նշեց, որ 33 տարեկան այդ համակիրը այդ գումարը պիտի վճարէ Դանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին:
Համակիրը Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցած այդ մրցումին վերջին վայրկեանին դաշտ իջնելով յարձակած էր օրուան գերմանացի իրաւարարին` Հերպըրթ Ֆանտելի վրայ, որ կարմիր քարտ մը տուած էր դանիացի Քրիսթիան Փուլսենին եւ փենալթի մը` հիւր կազմին: Մրցումը 3-3 արդիւնքով ընդհատուած էր` առանց փենալթիի հարուածը ուղղելու:
Այնուհետեւ Եու. Է. Էֆ. Ա.ն 3-0 արդիւնքով յաղթական հռչակած էր Շուէտը եւ Դանիա չէր ապահոված Եւրօ-2008-ի իր տոմսը:
Այդ համակիրը, որուն անունը ցարդ չէ յայտարարուած, մինչեւ որ այդ գումարը վճարէ բնականաբար պիտի սնանկանայ:
Դանիացի ֆութպոլի համակիրներ, օգտակար դառնալու եւ գումար հաւաքելու համար այդ համակիրին, «ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին վրայ հաշիւ մը բացած են:


