Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅԴ-Ն ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՉՍԱՏԱՐԷ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

January 13, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան

Նախանցեալ օր «Ռեկիոն» հետազօտական կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած օնլայն հարցազրոյցի ընթացքին, ազրպէյճանցի լրագրողները ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանին Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին առնչուող հարցումներ ուղղեցին:

Պատասխանելով նոր համաձայնական կառավարութեան հաւանական անդամակցութեան մասին հարցումին` ան նշեց, որ այդ մասին կարելի պիտի ըլլայ խօսիլ միայն խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, երբ յայտնի ըլլան արդիւնքները: «Կը կարծեմ, որ Դաշնակցութիւնը որեւէ համաձայնական կառավարութեան մէջ չի մտներ, եթէ այնտեղ կշիռ չունենայ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով նախագահ Սերժ Սարգսեանին սատարելու մասին հարցումին` Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը ո՛չ անոր վարած ընկերային եւ մենաշնորհային տնտեսական քաղաքականութեան հետ համամիտ է, ո՛չ վարուող արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս` Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններէն ետք:

Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, ազրպէյճանցիներուն հարցումները դաշնակցական գործիչին կ՛առնչուէին Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն:

Ներկայացնելով ՀՅԴ տեսակէտը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծման վերաբերեալ` Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ տագնապը պէտք է լուծուի իբրեւ արդիւնք երկու կողմերու փոխադարձ զիջումներուն, որոնք պէտք է հաւասար, համարժէք եւ համաժամանակեայ ըլլան: Ան նշեց, որ տագնապին երկու կողմերը Ազրպէյճանն ու Լեռնային Ղարաբաղն են. Լեռնային Ղարաբաղը չի կրնար Ազրպէյճանի մաս ըլլալ, իսկ եթէ վերջինս շարունակէ  ոչ կառուցողական քայլերը բանակցութիւններուն մէջ, ապա պէտք է նախաձեռնել Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման հոլովոյթին: Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն դէմ է որեւէ միակողմանի զիջման:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանցի լրագրողներէն մէկուն այն դիտարկման, թէ  Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը լուծուի, եթէ Հայաստան եւ Ազրպէյճան աւելի ժողովրդավար դառնան, Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ թէեւ Հայաստանի մէջ տակաւին ժողովրդավարութեան հետ կապուած որոշակի խնդիրներ կան, սակայն Ազրպէյճանի համեմատութեամբ Հայաստան շատ աւելի ժողովրդավար է: Ըստ Մանոյեանի, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ  ժողովրդավարացման մակարդակը թէ՛ Ազրպէյճանէն, թէ՛ Հայաստանէն բարձր է:

Ան յայտնեց, որ ժողովրդավարութեան զարգացումը Ազրպէյճանի մէջ եւ, առհասարակ, շրջանին մէջ անշուշտ պիտի նպաստէ տագնապի խաղաղ լուծման: Սակայն, ըստ անոր, պէտք է նշել, որ ժողովրդավարացման մակարդակի բարձրացումը չի կրնար յանգեցնել խնդիրի լուծման, իսկ բանակցութիւններու միջոցով հարցի կարգաւորումը լուծման միակ տարբերակը չէ: Լուծման տարբերակ կրնայ ըլլալ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը:

Կիրօ Մանոյեան ներկայ պահուն նոր պատերազմի սկսման կարելիութիւնը չի բացառեր, յատկապէս հաշուի առնելով Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման դէպքերը, ինչպէս նաեւ զինամթերքի վրայ ահռելի գումարներ ծախսելը եւ ռազմատենչ յայտարարութիւնները: «Սակայն իրականութեան մէջ Ազրպէյճան չի ցանկար վերսկսիլ պատերազմը, քանի որ վստահ չէ, որ պիտի յաղթէ», ընդգծեց Կիրօ Մանոյեան:

Ազրպէյճանցիները նաեւ հետաքրքրուած էին  Դաշնակցութեան ներկայացուցած տարածքային պահանջներով թէ՛ Ազրպէյճանէն, թէ՛ Թուրքիայէն: Դաշնակցական գործիչը հաստատեց կուսակցութեան տեսակէտը, թէ այն տարածքները, որոնք այժմ կը վերահսկուին Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ուժերուն կողմէ, միանշանակ հայկական են: Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական սահմանին, ապա կուսակցութեան տեսակէտին հիմքը այս հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով ճշդուած սահմանն է:

 

Նախորդը

«ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՄ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄԸ ԵՒ ԱՏՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ ԿԱՆԽԱՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱՊՏԻՒԼԼԱ ԿԻՒԼ

Յաջորդը

ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ ԱՐՑԱԽԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը  Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական  Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»
Հայկական

Փեսքով. «Փութինը Եւ Փաշինեանը Պիտի Քննարկեն Հայաստանի Եւրոպական Ձգտումներու Եւ Ռազմակայանի Հարցերը»

November 28, 2026
Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման  Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին  Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «ԹՐԻՓՓ-ի Իրագործման Ժամանակ Պէտք Է Հաշուի Առնուին Ռուսիոյ Եւ Իրանի Շահերը»

November 28, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։