Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

January 13, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միջեկեղեցական ընդարձակ հանդիպումէն պահ մը

Երէկ` հինգշաբթի, 12 յունուար 2012-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ շարք մը միջեկեղեցական խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ վեհափառին եւ Ժորժ Սալիպա արքեպիսկոպոսին միջեւ` իբրեւ ներկայացուցիչը ասորի եկեղեցւոյ պետ Զագգա Ա. պատրիարքին: Սալիպա արքեպիսկոպոս վեհափառին փոխանցեց Զագգա պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ապա անոնք խորհրդակցեցան Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան նոր թափ տալու, ինչպէս նաեւ` յառաջիկայ շաբաթ Ատիս Ապեպայի մէջ (Եթովպիա) տեղի ունենալիք կաթողիկէ եւ ուղղափառ աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած հարցերուն մասին:

Վերոյիշեալ հանդիպումին յաջորդեց այլ հանդիպում մը` ներկայութեամբ ասորի կաթողիկէ պատրիարք Իգնատիոս Եուսեֆ Եունանի, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար արքեպիսկոպոսի, Քոսթա Քայալ արքեպիսկոպոսի (ուղղափառ), դոկտ. Հապիպ Պատըրի (բողոքական) եւ դոկտ. Փոլ Ռուհանայի (Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար): Խորհրդակցութեան գլխաւոր նիւթն էր Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին աշխատանքը վերակազմակերպելու կարելիութիւնները շրջանին մէջ յառաջացած նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Յիշեալ հանդիպումին յաջորդեց մամլոյ ասուլիս մը կաթողիկոսարանին մէջ` մասնակցութեամբ վերոյիշեալ անձերուն: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի յառաջիկայ աշխատանքներուն եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած շարք մը հարցեր:

 

Նախորդը

ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ՀԱՅ ԾԵՐՈՒՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Յաջորդը

ԱՌԱՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆ` ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները
Գաղութային

Համազգայինը Կը Մեծարէ Հայ Ճեմարանի Վաստակաշատ Կրթական Մշակները

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։