Քաթալոնիական Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ՝ Լիոնել Մեսսի վնասուածք ստացած է, այս գծով յայտնեց սպանական մամուլը:
Ըստ «TV3»-ի հաղորդած տեղեկութիւններուն, ան վիրաւորուած է փորձերու ընթացքին եւ տասը օրուան պէտք ունի ամբողջութեամբ ապաքինելու համար:
Սպանիոյ ֆութպոլի ընդմիջուած ախոյեանութիւնը՝ «Լա-Լիկա»-ն, պիտի վերսկսի յառաջիկայ 11 յունիսին: Վերսկսելու պարագային, մրցումները պիտի կատարուին առանց դադարի: Ախոյեանութիւնը պիտի ամբողջանայ 35 օրուան ընթացքին, նկատի ունենալով, որ ամէն օր մրցումներ տեղի պիտի ունենան:
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, ախոյեանութիւնը ընդհատուած է 12 մարտէն ի վեր: