Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ «2012-ՊԱՆԹԷՈՆ 2» ԲԱՑԱՌԻԿ ՕՐԱՑՈՅՑԸ

January 12, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց բացառիկ նկատուած երկու օրացոյց, մէկը` «Պանթէոն 2» անուանումով, նուիրուած` մեր մշակութային ժառանգութեան: 12 ամիսներու վրայ մեր պատմութեան մեծերուն նկարներով, առաջին էջը` յունուար ամիսը կը ներկայացնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի նկարը: Յիշենք, որ «Պանթէոն 1»-ը լոյս տեսած էր 2011-ին, նուէր տրուած էր հայկական երկրորդական վարժարաններու 10, 11, 12-րդ դասարաններուն: Պատկերազարդուած այս տիտաններուն գեղանկարչութիւնը ստեղծագործութիւններն են գեղանկարիչ Ռազմիկ Պերթիզեանի:

Նպատակն է նոր սերունդին ծանօթացնել արքայական թէ իշխանական տոհմերու սուրբերու անուանի ներկայացուցիչները` յատուկ մակագրութեամբ. «Հպարտացիր եւ պահէ ժառանգութիւնը մեծերուդ»:

Յաջորդ ամիսներուն ներկայացուած են գեղանկարները` Մեսրոպ Մաշտոցի` Ե. դար, Մովսէս Խորենացիի` Ե. դար, Դաւիթ Անյաղթի` Զ. դար, Անանիա Շիրակացիի` Է. դար, Գրիգոր Նարեկացիի` Ժ. դար, Ներսէս Շնորհալիի ԺԱ. դար, Թորոս Ռոսլինի` ԺԳ. դար, Գալձակ ճարտարապետի` ԺԳ. դար, Գրիգոր Տաթեւացիի` ԺԴ. դար, Յակոբ Մեղապարտի` ԺԵ. Նահապետ Քուչակի` ԺԶ. դար:

Օրացոյցին վերջին էջերուն տպուած են բացատրութիւններ` այս անձնաւորութիւններուն մասին` հայերէն եւ անգլերէն:

Ծախսալից հրատարակութիւն մը, որուն լոյս ընծայման նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակած են բարեսէր ազգայիններ:

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ
ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՎ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ ՕՐԱՑՈՅՑ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը 2012 տարուան յատուկ պատի օրացոյց մը եւս հրատարակած է. իւրաքանչիւր ամիս ցոյց կու տայ հայ գեղանկարիչի մը ստեղծագործութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնը կը նպատակադրէ հայ արուեստագէտները եւ հայ ժողովուրդի մշակոյթը ծանօթացնել օտար շրջանակներու: Օրացոյցները նուէր պիտի տրուին դեսպանատուներու, օտարալեզու մամուլին, պաշտօնական, պետական եւ մշակութային հաստատութիւններու:

Կը ծանօթանանք 12 սփիւռքահայ եւ հայրենի գեղանկարիչներու.

Հրայր, Ժանսեմ, Գրիգոր Ակոբեան, Ալպեր Յակոբեան, Տիգրան Տատըրեան, Կարէն Պետրոսեան, Միրէյ Կոկիկեան-Տապպաղեան, Գէորգ Գէորգեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Վլատիմիր Աբրահամեան, Կիւլեն Տէր Պօղոսեան, Ռաֆայէլ Մեկալ:

Օրացոյցի ետեւի էջերուն մէջ արձանագրուած են գեղանկարիչներուն կենսագրական գիծերը` հայերէն եւ անգլերէն, նաեւ` իրենց լուսանկարները:

Հայ արուեստը, մշակոյթը օտարներուն ծանօթացնելու պատշաճ եւ օգտակար նախաձեռնութիւն մը:

Գունաւոր, խնամուած տպագրութիւն, բծախնդիր աշխատանքով իրագործուած: Զոյգ օրացոյցները արդիւնք են ամիսներ տեւող աշխատանքի, գեղանկարիչ, պատմագէտ, բանասէր եւ հրատարակչատուն միացեալ գործակցութեամբ հրատարակուած` յօգուտ հայոց պատմութեան, արժէքներու ժառանգութեան պահպանման: Հատորի մը ուժը ունեցող հրատարակութիւններ են` արժանի գնահատանքի:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ. ԿԱՐՄԻՐ ՄԱՏԻՏՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.