Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ ուրբաթ, 13 յունուարին, «Քասըր Սուֆարա» ճաշարանին մէջ (Տըպպայէ) տեղի պիտի ունենայ 2011 տարուան մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը: Անիկա սկիզբ պիտի առնէ երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Ֆետերասիոնին այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ այս ձեռնարկը տեղի կ՛ունենայ հովանաւորութեամբ Ուատիհ Ապսիի, որ ընդհանրապէս իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ լիբանանեան որեւէ տեսակի մարզաձեւի հովանաւորութիւնը ստանձնելու:


