Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.»-Ի ՄԵԾ ՍԽԱԼԸ

January 11, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 

«Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի օր պատկերասփռեց զրոյց մը` Պատմական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց «Մաքրիզի» կեդրոնի տնօրէն Հանի Սիպահիի հետ: Յայտագիրին ընթացքին Սիպահի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ժխտեց, պատմական անճիշդ տեղեկութիւններ հաղորդեց եւ բազմաթիւ փաստեր խեղաթիւրեց:

Նախ որոշ տեղեկութիւններ 1961-ի ծնունդ Հանի Սիպահիի մասին: Ան եգիպտացի իսլամական մըն է, որ քաղաքական ապաստանեալի կարգավիճակով կը բնակի Լոնտոն, որովհետեւ Իսլամական Ժիհատի խորհրդատու մարմինի 14 անդամներէն մէկը ըլլալուն համար Եգիպտոսի մէջ 15 տարի բանտարկութեան դատապարտուած էր: Ան հետագային Բրիտանիոյ մէջ եւս Ժիհատի անդամակցութեան յանցանքով ձերբակալուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ, սակայն կը շարունակէ Լոնտոն մնալ, որովհետեւ զինք արտայանձնելու փորձերը ձախողեցան:

2005 սեպտեմբերին անոր անունը ներառուած էր ՄԱԿ-ի 1267 յանձնախումբի բանադրանքի ենթակայ անձնաւորութիւններու ցանկին մէջ, որմէ հազիւ քանի մը օր ետք, իբրեւ Քայիտայի կամ վերջինիս դաշնակից խմբակցութեան անդամակցութեան զօրակցող մը, անոր անունը զետեղուեցաւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան սեւ ցանկին վրայ: Սիպահի 8 յուլիս 2005-ին «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանէն ելոյթ ունենալով Նիւ Եորքի մէջ Քայիտայի 11 սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումները արդարացուց եւ անոնց զօրակցեցաւ: Ան այլ առիթներով 7 յուլիս 2005-ին Լոնտոնի փապուղիներու ականահարումը նկատած էր Քայիտայի մեծ յաղթանակ մը եւ Իրաքի մէջ սպանդները արդարացուցած:

Ուստի զարմանալի չէ, որ ան «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանէն, ըստ իր սովորութեան, սրտխառնուք պատճառող յայտարարութիւններ կատարեց: Չ՛արժէր Սիպահիի նման անձնաւորութեան մը յերիւրանքներուն ու զառանցանքին ականջ տալով ժամանակ վատնել: Անոր պնդումները պատասխանի արժանի չեն: Հոս չէ հարցը:

Հարցը այն է, որ «Էյ. Էն. Պի.» պատկերասփիւռի կայանը այդպիսի անձնաւորութեան մը բեմահարթակ տրամադրած է, այդպիսով ոչ միայն դիտողներուն սրտխառնուք պատճառելով, այլեւ իր իսկ վարկը հարցականի տակ դնելով: Նշեալ պատկերասփիւռի կայանը իր թոյլ տուած սխալը խօսքի ազատութեան եւ բազմակարծութեան սկզբունքներով չի կրնար արդարացնել: Այստեղ անոնք կիրարկելի չեն, որովհետեւ հարցը պատմական անհերքելի փաստի մը ժխտումն ու խեղաթիւրումն է, Հայոց ցեղասպանութենէն անտեղեակներու կամ միամիտներու ապակողմնորոշումը, ինչ որ  լրատուամիջոցի մը առաքելութեան հակասող մեծ սխալ մըն է:

Ահա թէ ինչու յայտագիրի աւարտին ոչ միայն իբրեւ լրատուական աղբիւր «Էյ. Էն. Պի.»-ի լրջութիւնը, հաւաստիութիւնն ու վարկը հարցականի տակ առնուեցան, այլ նաեւ` անոր պատասխանատուներուն ողջամտութիւնն ու ատակութիւնը:

 

Նախորդը

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԲՈՂՈՔԻ ՆԱՄԱԿԸ` «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.» ԿԱՅԱՆԻՆ

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ԲՈՂՈՔԷ «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.»-Ի ՀԱՂՈՐԴՈՒՄԻՆ ԴԷՄ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.