Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աննա Նաղդալեան. «Հայաստանի Քաղաքացիներու Վերադարձէն Բացի Որեւէ Այլ Աջակցութեան Խնդրանքով Չենք Դիմած Թուրքիոյ»

April 14, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանեց թրքական կողմին յայտարարութիւնը, թէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ Հայաստան օգնութիւն խնդրած է Թուրքիայէն, եւ վերջինս պատրաստ է տրամադրել այդ օգնութիւնը: Միաժամանակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ հրաւիրած է Թուրքիոյ մէջ Չինաստանի դեսպանը` Հայաստանին տրամադրուած օգնութեան արկղերուն վրայ գրառման առնչութեամբ պարզաբանում տալու համար:

Նաղդալեան դիտել տուաւ, որ նախարարութիւնը արդէն նշած էր, թէ Հայաստանի կողմէ շարունակական ջանքերու կը ձեռնարկուին այսօր դժուար կացութեան մէջ յայտնուած Հայաստանի քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ` յատկապէս այն երկիրներէն, ուր լայն տարածում գտած է այս համավարակը: «Այս ծիրին մէջ պէտք է նշեմ, որ արդէն իսկ ուրբաթ օր Հայաստան տեղափոխուած են Թուրքիա գտնուող եւ վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած 73 քաղաքացիներ. այս հարցով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան  պաշտօնական օղակները համագործակցած են թրքական եւ վրացական համապատասխան մարմիններուն հետ: Թրքական կողմին հետ համագործակցութիւնը սահմանափակուած է միայն այս շրջանակով, եւ Հայաստանը չէ դիմած այս ծիրէն  դուրս որեւէ այլ աջակցութեան խնդրանքով», յայտնեց բանբերը:

Աննա Նաղդալեան հաստատեց, որ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող Հայաստանի ցամաքային շրջափակման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները էականօրէն սահմանափակ են եւ կը պահանջեն իրական բարի կամք ու վստահութեան ստեղծում: «Յատկապէս ափսոսանքի արժանի է երրորդ երկրի մը կողմէ Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ազգային խորհրդանիշներու  հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքը ու անհարկի քաղաքականացումը», յայտնեց Նաղդալեան:

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Դրութիւնը 30 Օրով Երկարաձգուեցաւ

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.