Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

January 10, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արամ Ա. կաթողիկոս` սիւննի եւ շիի բարձրաստիճան կրօնաւորներուն հետ

Երէկ` երկուշաբթի, 9 յունուար 2012-ի առաւօտուն, վեհարանին մէջ ընդունելով սիւննի եւ շիի բարձրաստիճան հոգեւորականներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց երկու միաստուածեան կրօններուն ունեցած հասարակաց արժէքները եւ աւանդութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. «Իբրեւ միաստուածեան կրօններ, դարեր շարունակ մեր մտածողութիւնը, մեր աւանդութիւնները եւ նոյնիսկ առօրեայ բարքերը հիմնուած են հասարակաց արժէքներու վրայ: Անհրաժեշտ է, որ այս արժէքները դառնան առանցքը քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Առաւելագոյն չափով անհրաժեշտ է հեռու մնալ քաղաքական բնոյթ ունեցող հարցերէ եւ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը պէտք է շօշափէ այնպիսի խնդիրներ, որոնք անմիջականօրէն կապ պէտք է ունենան ընկերութեան առօրեայ կեանքին հետ»:

Իսլամ պատասխանատուները բաժնելով վեհափառին մտահոգութիւնները եւ տեսակէտները շեշտեցին արեւմտեան բարքերէն հեռու մնալու հրամայականը. անոնք ըսին, թէ «արեւելքի մէջ արեւմուտքի զօրեղ ներկայութիւնը իր ժխտական անդրադարձը կ՛ունենայ մեր ընկերութեան առօրեայ կեանքին վրայ, ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ երիտասարդութիւն»:

Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման աւարտին որոշուեցաւ, որ վեհափառին հետ նման հանդիպումները ըլլան յաճախակի, որպէսզի առիթ ընձեռուի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը եւ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ու ճիշդ կերպով հունաւորելու: Այս ծիրին մէջ, վեհափառը թելադրեց, որ աստուածաբանական ուսմանց կեդրոններ երբեմն քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան մասին դասախօսութիւններ կազմակերպեն թէ՛ ուսուցիչներու եւ թէ՛ դասախօսներու փոխանակումով:

 

Նախորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ» Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՎԶՈՒՄԻՆ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ ՀԵՐՔՈՂ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` «ԷՅ. ԷՆ. ՊԻ.» ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԿԱՅԱՆԷՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։