Նետերլանտներու վարչապետ Մարք Ռութէ նշեց. «Նետերլանտներու բնակչութեան մեծամասնութիւնը պիտի վարակուի «Քորոնա» ժահրով»:
«Կառավարութիւնը կ՛ուզէ հաւաքական ախտամերժում զարգացնել` սպասելով պատուաստի գտնուելուն, պաշտպանելէ ետք ժահրով վարակման հարցին մէջ ամէնէն տկարները եւ տարեցներն ու հիւանդները անկէ պաշտպանելով բաւարարուելէ ետք», յայտնեց վարչապետը:
Ան ըսաւ, որ ամենայն լրջութեամբ «իրականութիւնը այն է, որ նետերլանտցիներուն մէկ մեծ մասը պիտի վարակուին «Քորոնա» ժահրով: Մասնագէտներ մեզի այդ մասին կը տեղեկացնեն»:
«Ի տարբերութիւն Իտալիոյ եւ Սպանիոյ, որոնք ժահրի տարածման արգելակման համար տեղաշարժի վրայ խիստ արգելքներ հաստատեցին, Նետերլանտները ամբողջական փակումի պիտի չենթարկուի», յայտարարեց Նետերլանտներու վարչապետը:



