Թրքական «Կրիհաթ» կայքը հաղորդեց ոչ պաշտօնական տեղեկութիւն մը, որուն համաձայն, երեք թուրք զինուորներ Իտլիպի մէջ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով եւ առողջապահական մեկուսարանի մէջ դրուած:
Տեղական աղբիւրներ «Կրիհաթ»-ին յայտնած են, թէ «Քորոնա» ժահրը տարածուած է Սուրիոյ մէջ տագնապի շրջաններուն մէջ` աւելցնելով, որ երեք թուրք զինուորներ Սուրիական ազատ բանակի ուժերուն եւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու կողքին վարակուած են այս ժահրով:
Կայքը նշեց, որ նշեալ երեք զինուորները փոխադրուած են Թուրքիոյ հիւսիսը գտնուող Ռէյհանլը նահանգ, ապա Ճիւլհանէ զինուորական բժշկական ակադեմիա, ուր դրուած են առողջապահական մեկուսարանի մէջ:
«Կրիհաթ»-ի համաձայն, ի յայտ եկած է, որ թուրք երեք զինուորները գանգատած են ծանր կրիփէ, սակայն քննութիւններէն ի յայտ եկած է, որ վարակուած են նոր «Քորոնա» ժահրով եւ հաւանական է, որ ժահրը անոնց փոխանցուած է Սուրիական ազատ բանակի անդամներէն:



