Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» ժահրի համաճարակի վերածուելուն ստեղծելիք յաւելեալ հետեւանքները:
Հանդիպումէն ետք Քիւպիչ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է լիբանանցիներուն դիմագրաւած շտապ մարտահրաւէրներն ու անոնց դէմ պայքարելու հեռանկարները:
Ան նկատել տուաւ, որ քննարկած են նաեւ տնտեսական տագնապէ տառապող լիբանանցիներուն օժանդակութեան կարելիութիւնները:
Քիւպիչ հաստատեց, որ Լիբանան իր բոլոր մարզերով կազմ ու պատրաստ պէտք է ըլլայ դիմագրաւելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլումը:
Ան ընդգծեց, որ այս շրջագիծին մէջ պէտք չէ մոռնալ Լիբանանի կառավարութեան դերակատարութիւնը` ապահովելու անհրաժեշտ միջոցառումները:
«Լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է օժանդակեն կառավարութեան եւ հանրութեան` շրջանցելու համար այս դժուար փուլը», ըսաւ Քիւպիչ:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ նոր նշանակուած դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիրիէն:
Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: