Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հայաստանի Նախագահ Արմէն Սարգսեան Կանանց Տօնին Առիթով Ընդունեց Վաստակաշատ Հայուհիներ
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Կանանց տօնին առիթով նախագահական նստավայրին մէջ ընդունեց ժողովրդագէտ, բանահաւաք, ցեղասպանագէտ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական աշխատող, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ Վերժինէ Սվազլեանը, պատմաբան, թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Համաշխարհային Բ. պատերազմի մասնակից, Մատենադարանի աւագ գիտական աշխատող Մարգարիտա Դարբինեանը, յօրինող, մանկավարժ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագիտուհի Գեղունի Չթչեանը, Համաշխարհային Բ. պատերազմի վեթերան Ռոզալիա Աբգարեանը:
Նախագահը շնորհաւորեց վաստակաշատ հայուհիները` մաղթելով առողջութիւն եւ ամենայն բարիք: Բարձր գնահատելով անոնց վաստակը պետութեան կայացման, մշակոյթի զարգացման եւ հանրահռչակման գործին մէջ` նախագահը ըսաւ, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կենդանի պատմութիւն, հայրենիքին ու ժողովուրդին արժանավայել ծառայելու եւ նուիրուելու կենդանի օրինակ են, շեշտելով, որ իրենց գործունէութեամբ ստեղծած են պատմութեան հայկական այն էջերը, որոնք մեծ արժէք ու յիշողութիւն են:
Հանրապետութեան նախագահին հիւրերը նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ ջերմ ու անմիջական զրոյցի ընթացքին ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը:
Յատկանշական էր, որ վաստակաշատ հայուհիները զարդարողը նաեւ անոնց պատկառելի տարիքն է` 85-100: «Գեղեցկութիւնը տարիքի հետ կապ չունի, ան գրաւիչ ըլլալու յատկութիւնն է: Դուք չորսդ ալ ո՛չ միայն գրաւիչ էք, այլ նաեւ գրաւիչ անհատականութիւն ունիք: Ես բոլորիդ կը մաղթեմ առողջութիւն, ժպիտ, որպէսզի ձեր ներքին դրական ուժը, եռանդը փոխանցէք յաջորդ սերունդին: Լաւագոյն մաղթանքներս ձեզի», ըսաւ նախագահը:
Արմէն Սարգսեան ընդունեց նաեւ նախագահական աշխատակազմի կիներն ու աղջիկները: Նախագահը նշեց, թէ Կանանց տօնը նոր կեանքի հետ կապուած է: «Դուք էք նոր կեանքի աղբիւրը, որովհետեւ դուք կեանք կը ստեղծագործէք: Դուք մեր ոգեշնչման աղբիւրն էք: Իմ ոգեշնչման աղբիւրս եղած է իմ մայրս` իր գեղեցկութեամբ, վերաբերմունքով, քնքշութեամբ, ամրութեամբ, իսկ այսօր իմ ոգեշնչման աղբիւրներս են` իմ կեանքի ընկեր կինս եւ իմ թոռնուհիս: Կը մաղթեմ, որ միշտ ըլլաք գեղեցիկ: Դուք շատ բան կը կրէք ձեր մէջ` մեր ազգութիւնը, մեր լեզուն, մեր կրօնը, մեր արժէքները», շեշտեց նախագահը:
Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Սկաուտական Խոստման Արարողութիւն
8 մարտին ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղին համար յատկանշական էր, որովհետեւ Ստեփանակերտի մէջ, Բեկորի յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցաւ խոստման արարողութիւն: Արցախի սկաուտներու երկրորդ խումբը յանձնեց նորագիրի քննութիւնը եւ նուիրական խոստումով դարձաւ երդուեալ սկաուտ:
Արարողութեան ներկայ էին` ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վրէժ Էսմէրեանը, Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Սարգսեանը, ՀՅԴ-ի անդամներ, սկաուտներու ծնողներ եւ հիւրեր:
Ըստ Վրէժ Էսմէրեանի, արցախցի երիտասարդները ոգեւորուած են սկաուտական գաղափարներով: Մասնաճիւղը լծուած է իր հիմնական նպատակին` կարգապահ, կազմակերպուած երիտասարդներու պատրաստութեան:
Ըստ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետին, կը նախատեսուի Արցախի մէջ կազմակերպել շարք մը ձեռնարկներ, որոնք ժամանակաւորապէս յետաձգուած են «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգին եւ Արցախի մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն պատճառով: Այժմ ներքին կազմակերպական աշխատանքներ կը տարուին:
«Շատ ընելիքներ ունինք, յատկապէս` շրջաններու մէջ խումբերու ստեղծման աշխատանքներու հետ կապուած: Մեր հիմնական ծրագիրները կ՛իրագործենք ամրան ընթացքին», հաղորդեց Էսմէրեան:
Դաշնակցութիւնը` Կովսականի Համար
Դաշնակցական, Կովսական քաղաքի վերաբնակիչ Կարէն Մարտիրոսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարելով` կը ներկայացնէ Կովսականի մէջ ՀՅԴ-ի եւ ուղեկից կազմակերպութիւններուն կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն մէկ մասը:
Կովսականի մէջ ՀՅԴ կուսակցութեան տասնամեայ գործունէութեան անդրադարձը կատարելով` ան կը գրէ, որ 10 համակարգիչներով գերարդիական համակարգչային դասարան բացուած է` նախաձեռնութեամբ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին, 7 հազար տոլար արժողութեամբ, մարզական-մարտական հրապարակ կառուցուած է նախաձեռնութեամբ քանատահայ գործարար Հրաչ Ճապրայեանի 7,5 միլիոն դրամի, յատկացուած է Կովսականի «Թաթուլ» ազգագրական խումբին 3 ձեռք տարազ` 3 հազար տոլարի, համերգային երաժշտական սարքեր` 3 հազար տոլարի, փոխադրակառք` 6500 տոլարի` նախաձեռնութեամբ Լիբանանի դպրոցականներու միութեան, Թաթուլ Կրպէեանի կիսանդրին` 1500 տոլարի, 5 անգամ կազմակերպուած է ամառնային ճամբար` 50 հազար տոլարի, որուն մասնակցած են ո՛չ միայն Կովսականի, այլ նաեւ յարակից բնակավայրերու երեխաները, ամէն տարի` 100-120 երեխաներ:
Կարէն Մարտիրոսեան կը շարունակէ` ըսելով, որ Կովսականի մէջ հիմնադրուած է Կովսականի «Կանանց ձեռագործական միաւորում»-ը, որուն անդամ են Կովսականէն եւ յարակից բնակավայրերէն մօտաւորապէս 20 կիներ` յաւելեալ եկամուտով ապահովելով իրենց ընտանիքները: Կովսական եւ Լիբանանի Այնճար քաղաքները դարձուցած ենք քոյր քաղաքներ, կազմակերպուած են Կովսականի համար աննախադէպ ցուցահանդէս-վաճառք մը, որուն մասնակցած են ամբողջ աշխարհէն 70 գործարարներ, որոնք պատրաստ են ներդրումներ կատարելու Կովսականի եւ ընդհանրապէս Քաշաթաղի մէջ, հարիւրէ աւելի կով նուիրուած է իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ծնած երրորդ երեխայի համար, տօնական հագուստ, սնունդ, գրենական պիտոյքներ տրամադրուած են ՀՕՄ-ականներու եւ Իրանի «Թեւանիկ» խումբին կողմէ, տարեկան 3-4 ձեռնարկներ` ընդհանուր թիւով առաւել քան 10 հազար տոլար ապահովող, 100-է աւելի երեխաներ շրջագայած են Հայաստանի գրեթէ բոլոր մարզերուն եւ Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ, ստեղծուած են եւ կը գործեն ՀՅԴ երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններ, Կովսականի մէջ բացուած է երիտասարդական կեդրոն մը, ուր անվճար մարզումներ կը կատարուին Բերձորի արուեստի եւ մարմնակրթութեան դպրոցներու Կովսականի մասնաճիւղերու սաներուն, Կովսական բերուած է ամերիկացի բժիշկներու մեծ խումբ մը, որ օրեր շարունակ իր ծառայութիւնը մատուցած է Կովսականի եւ յարակից շրջաններու բնակիչներուն եւ հիւանդանոցին նուիրած են դեղորայք, սարքեր եւ այլն: Ինք գործուղուած է Կովսական` գիտելիքներ փոխանցելու նոր սերունդին, յարակից կառոյցներուն, հիմնադրամներու օժանդակութեամբ բազմաթիւ բնակիչներու յատկացուած են անտոկոս վարկեր, բնակարաններ, սերմացու, համակարգեր եւ այլն:
Հիմնադրուած, բնակեցուած եւ պետութեան յանձնուած է Դիցմայրի գիւղը` ներդրելով առաւել քան 150 հազար տոլար, նոյն գիւղին մէջ կազմակերպուած է 1700 երեխաներու մկրտութիւնը եւ իւրաքանչիւր 6-րդ բնակիչը մկրտուած է այդ օրը:
Բողոքի Ցոյց Գիւմրիի Մէջ` Ընդդէմ Կիներու Բռնութեան
9 մարտին Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը` ընդդէմ կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ սպանութիւններու: Այս նախաձեռնութեան շարժառիթը քանի մը օր առաջ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած դէպքն էր, երբ 43-ամեայ Մարինէն զուգընկերոջ կողմէ դաժան ծեծի ենթարկուելուն պատճառով մահացաւ, իսկ անոր 13-ամեայ դստեր վրայ յայտնաբերուեցան բռնութեան հետքեր, եւ ան ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուեցաւ հիւանդանոց:
«Ո՛չ բռնութեան» լոզունգով բողոքի ցոյցին մասնակցեցան «Ընդդէմ կանանց նկատմամբ բռնութեան» համախմբումի անդամները եւ խումբ մը գործիչներ` Գիւմրիէն, Երեւանէն, Սպիտակէն եւ Թալինէն: Ցոյցը աւարտեցաւ սպաննուած կնոջ տան առջեւ:
«Մենք այսօր հաւաքուած ենք, որ մերժենք բռնութիւնը, մերժենք առհասարակ լռութիւնը հասարակութեան կողմէ: Մեր պարտքն է իրազեկել, որ կանայք մեղաւոր չեն, եւ անոնք պէտք չէ լռեն: Կիներու սպանութիւնը այլեւս տեղ չունի այս կեանքին մէջ: Մենք պէտք է հասնինք այս գաղափարի իրականացման», յայտնեց «Կանանց իրաւունքներու տուն», հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կարինէ Դաւթեան: Ըստ երթի կազմակերպիչներուն, յունուար 2020-էն մինչեւ օրս, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են կիներու սպանութեան 5 դէպքեր:
Քանատայի Դեսպանը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Այս օրերուն, Հայաստանի մէջ Քանատայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էլիսըն Մարի լը Քլեր յատուկ այցելութիւն մը տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ թանգարան:
Դեսպանը ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին դիմաց, այնուհետեւ ծաղիկներ` անմար կրակին մօտ: Անոր կ՛ընկերակցէր Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի փոխտնօրէն Էդիտա Գզոյեանը, որ հիւրին եւ անոր ուղեկցողներուն ներկայացուց յուշահամալիրին կառուցման պատմութիւնը, անոր խորհուրդը եւ նշանակութիւնը:
Քանատայի դեսպանը շրջեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր անոր ներկայացուեցաւ Ցեղասպանութեան պատմութեան մանրամասնութիւնները եւ ներկայացուած ցուցադրութիւնը:
Այցելութեան աւարտին դեսպան լը Քլեր գրեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ` իր երախտագիտութիւնը յայտնելով թանգարանին մէջ կատարուող կարեւոր աշխատանքին համար եւ նշեց, որ թանգարանին միջոցով կը ներկայացուի սարսափելի պատմութիւնը` համոզիչ եւ ազդեցիկ եղանակով:
Գզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` այցելութեան եւ ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար ու անոր նուիրեց թանգարանին հրատարակած անգլերէն գիրքերէն օրինակներ:
Սեւան Ազգային Արգելոցի Տարածքին Մէջ` Հայ-Պիելոռուսական Բարեկամութեան Անտառ
Սեւան ազգային արգելոցի տարածքին մէջ 13 մարտին տեղի ունեցաւ Հայ-պիելոռուսական բարեկամութեան անտառի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը` Հայ-պիելոռուսական միջկառավարական յանձնախումբի 14-րդ նիստի ծիրին մէջ:
Բարեկամութեան անտառի հանդիսաւոր բացումը կատարեցին Հայ-պիելոռուսական միջկառավարական յանձնախումբի համանախագահներ` Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան եւ Պիելոռուսիոյ անտառային տնտեսութեան նախարար Վիթալի Տրոժժա: Վերջինս ըսաւ, որ կարեւոր եւ ողջունելի է Հայաստանի կողմէ ծառատնկումի նկատմամբ ցուցաբերուած այս մօտեցումը, հաստատելով, որ հասարակութիւնը պիտի աջակցի այս նախաձեռնութեան եւ աշխուժ մասնակցութիւն բերէ:
Հայաստանի շրջակայ միջավայրի փոխնախարար Վարդան Մելիքեան տեղեկացուց, որ ծառեր տնկելու ընթացքը սկսած է 2018-ի աշնան` շուրջ 10 հեկտար տարածքի վրայ եւ աւելցուց, որ տարիներ անց այս վայրին մէջ խիտ անտառ պիտի ըլլայ: Անդրադառնալով 2020-ին 10 միլիոն ծառ տնկելու ծրագիրին` ան նշեց, որ պիելոռուսական կողմին հետ արդէն իսկ համաձայնութիւններ կան նոր տնկիներու տրամադրման գծով:
Հայաստան Օրինակելի Է` Գաղթականներու Եւ Ապաստան Հայցողներու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Մէջ
Մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու եւրոպական ցանցը հրապարակած է Գաղթականներու եւ ապաստան հայցող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման վերաբերեալ յատուկ զեկոյց, որուն մէջ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին փորձը` գաղթականներու եւ ապաստան հայցող անձերու իրաւունքներու ապահովման առումով, նկատուած է Եւրոպայի առաջատարներէն մէկը:
Յայտնենք, որ Մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու եւրոպական ցանցին նպատակն է պաշտպանել եւ խթանել մարդու իրաւունքները Եւրոպայի մէջ: Կառոյցին անդամ են Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի մարդու իրաւունքներու ազգային 40 հաստատութիւններ: Ցանցը կը ծառայէ զանազան ոլորտներու մէջ անդամներուն միջեւ փորձառութեան փոխանակման, աջակցութեան եւ ընդհանուր հարցերու համար իբրեւ արդիւնաւէտ հարթակ:
Զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ պաշտպանին` յատուկ հաստատութիւններ տրուած մշտադիտարկման այցելութիւններուն: Նշուած է նաեւ Հայաստանի եւ Վրաստանի մարդու իրաւունքներու աշխատակազմերուն կողմէ սահմանային անցման կէտերուն մէջ միացեալ մշտադիտարկման փորձը:
Իբրեւ դրական օրինակ` նշուած է Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին` ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան ներկայացուցչութեան եւ Հայկական կարմիր խաչի ընկերութեան համագործակցութեան ծիրին մէջ շահագրգիռ կողմերուն համար կազմակերպուած վերապատրաստումները եւ քննարկումները:
Մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու եւրոպական ցանցը միջազգային զեկոյցին մէջ անդրադարձած է նաեւ «Գաղթականներու եւ ապաստան հայցող անձերու իրաւունքներու ապահովման վերաբերեալ» Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին արտակարգ զեկոյցին` մատնանշելով կատարուած ուսումնասիրութիւնները, օրէնսդրութեան եւ Գաղթականութեան ծառայութեան որոշումներուն վերաբերեալ պաշտպանին առաջարկները:
Ճափոնի 2011-ի Երկրաշարժի Զոհերուն Նուիրուած Յիշատակի Արարողութիւն Սպիտակի Մէջ
11 մարտին Սպիտակի մէջ տեղի ունեցաւ 2011-ին Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին նուիրուած արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան` Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպան Ճուն Եամատա, Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարար Ֆելիքս Ցոլակեան եւ Լոռիի մարզպետ Անտրէյ Ղուկասեան:
Յարգանքի տուրքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ զոհուածներուն իբրեւ յարգանք տեղադրուած խաչքարին քով, որ կանգնեցուած էր 2012-ին` ի նշան ճափոնցիներուն նկատմամբ մարդասիրութեան եւ գնահատանքի:
«Ճափոնցիներու պատիւին տեղադրուած խաչքարը սրբավայր դարձած պուրակի մը մէջն է, ուր կոթողներ կառուցուած են Սպիտակի երկրաշարժի պատճառով զոհուածներուն եւ ապրիլեան պատերազմի զոհերուն յիշատակին», յայտնեց Ֆելիքս Ցոլակեան` շեշտելով, որ հայերս ճակատագիրի եւ հաւատամքի բերումով շատ զգայուն կը վերաբերինք ուրիշին ցաւին նկատմամբ եւ պատրաստ ենք մեր առաւելագոյնը ընելու սփոփելու համար տառապողը:
Լոռիի մարզպետը, յիշատակելով Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը, շատ բնական համարեց, որ խաչքարը տեղադրուած ըլլայ Սպիտակի մէջ: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Ճափոնի կառավարութեան եւ դեսպանին` Լոռիի մարզին ցուցաբերած զգալի օժանդակութեան համար:
Ճափոնի դեսպանը խոր երախտագիտութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին, Հայաստանի կառավարութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ` 2011-ի երկրաշարժէն ետք Ճափոնի ժողովուրդին բազմակողմանի եւ անգնահատելի աջակցութիւն ցուցաբերելնուն համար: Ան միեւնոյն ժամանակ կարեկցանք յայտնեց 1988-ի Սպիտակի զոհերուն յիշատակին:
Լոյս Տեսաւ Անուշ Բեժանեանի «Կորսուած Կարելիութիւններ. Իրաքահայերու Հայրենադարձութիւնը 2003-2008» Գիրքը
Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Անուշ Բեժանեանի «Կորսուած կարելիութիւններ. իրաքահայերու հայրենադարձութիւնը 2003-2008 թուականներուն» աշխատութիւնը, որ կազմուած է 260 էջերէ:
Հեղինակը 2003-ի Իրաքի պատերազմի լոյսին տակ կը քննէ իրաքահայերու հայրենադարձութիւնը, Հայաստանի մէջ անոնց հանդէպ իրականացուող քաղաքականութիւնը եւ պատերազմին հայկական զօրաջոկատին մասնակցութեան հարցը: Մենագրութեան մէջ արծարծուած են նաեւ հայրենադարձութեան մասին հիմնական տեսութիւնները եւ իրաքաhայ համայնքին մարտահրաւէրները հայոց մեծ հայրենադարձութեան տարիներուն եւ անկէ ետք:
Գիրքը նախատեսուած է սփիւռքագէտներու, միջազգայնագէտներու, քաղաքագէտներու, պատմաբաններու, մարդաբաններու եւ ընթերցողներու լայն շրջանակներու համար: Անուշ Բեժանեան 2008-2010 թուականներուն ուսանած է Հարաւային Քարոլայնայի համալսարանին մէջ եւ ստացած` միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան: Հեղինակն է նաեւ «Սփիւռքի մասին տեսութիւններու համառօտ ակնարկը» գործին: