Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Մարտ 18, 2020
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պաքուի Հայոց Կոտորածը Եւ
Ինքնապաշտպանութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Հայրիկի Կոնդակը, Պատգամաւորութիւնը Եւ Դիմումները

Պաքուի մէջ, 6 փետրուար 1905-ի երեկոյեան ժամը 4:00-էն սկսեալ թաթար հրոսակները փողոց թափելով սկսան հայեր ջարդել: Ամէն կողմէ կը լսուէր` «Էրմէնի տըր, վուրը՛ն» (հայ է, զարկէ՛ք):

Քաղաքի տարբեր թաղերէ հրացաններու ու ատրճանակներու ձայները կ՛արձագանգէին: Փողոցներէն հետիոտն եւ ձիակառքերով անցնող հայերուն վրայ կրակ կը բացուէր եւ զոհեր ու ձիեր թաւալգլոր կ՛իյնային:

Քիչ ետք ամբոխը յարձակման անցաւ հայկական թաղերուն ուղղութեամբ, Խառն բնակչութիւն ունեցող Չամբարաքեանդ, Շամախինկա եւ Բերդի թաղերուն մէջ, տուն վերադարձող հայերը սուրի քաշուեցան։

Բալախանիի նաւթահորերու շրջանը գտնուող Նիկոլ Դուման քանի մը ընկերներով քաղաք մտաւ եւ հաստատելէ ետք որ ոստիկանութիւնը ոչ մէկ միջամտութիւն կատարած է ոճրագործութիւններուն վերջ տալու համար եւ ոչ մէկ ոճրագործ ձերբակալուած է, իր եւ ընկերներուն անունով նամակ ուղարկեց նահանգապետ Նակաշիձէի, ուր կ՛ըսուէր.

«Պարոն նահանգապետ.

Քաղաքում մի քանի ժամ շարունակ տեղի ունեցած արիւնալից դէպքերը մեզ ներշնչեցին մի կարծիք, որ թափուած ամբողջ արեան պատճառը դուք էք եւ ձեզ ենթարկուած ոստիկանութիւնը: … Եթէ արիւնահեղութիւնը չէք դադարեցնի ձեր ձեռքում եղած բոլոր միջոցներով, այդ դէպքում դուք պատասխանատու էք ձեր արիւնով, այլ եւ` ձեր մեղսակիցների արիւնով»:

Նամակին պատճէնները ուղարկուեցան նաեւ փոխ նահանգապետին եւ ոստիկանապետին:

Պաքուի առաջնորդ Անանիա եպիսկոպոս հեռաձայնով կապուեցաւ Նակաշիձէի հետ եւ խնդրեց, որ վերջ տրուի կոտորածին:

Նահանգապետը խոստացաւ հնարաւոր ամէն ինչ ընել` անկարգութիւններուն վերջ տալու համար, եւ աւելցուց, որ դժբախտաբար բաւարար քանակութեամբ զէնք չունի եւ չի կրնար ուժ գործադրել, եթէ շարժումը ծաւալի:

Ուշ գիշերին, Նիկոլ Դուման, մաուզեր ատրճանակը ձեռքին, չորս հոգիով մտաւ թաթարական թաղերուն ծայրը գտնուող գաղտնի զինապահեստը եւ տասնեակ մը հրացաններ դուրս բերելով հիմը դրաւ ինքնապաշտպանութեան:

* * *

Երկուշաբթի փետրուար 7-ի առաւօտուն ամէն կողմ խաղաղ էր, խանութները բացուած են երթեւեկը սկսած, երբ Ղուբի հրապարակին վրայ հրացանաձգութիւն սկսաւ: Խանութները փակուեցան, բոլորը սկսան խելակորոյս փախչիլ եւ քանի մը վայրկեանէն փողոցները ամայացան:

Դիմադրութենէ ետք աւերուած Ադամեաններու բնակարանը

Թաթար զինուած հրոսակախումբերը գրոհի անցան դէպի հայկական թաղերը եւ սկսան կոտորել հայերը: Սարսափը աննկարագրելի էր: Ջարդարար խուժանը, տեսնելով որ հայութիւնը անակնկալի եկած է եւ գլուխը կորսնցուցած, սկսաւ այրել անոնց տուները: Բազմաթիւ բնակարաններ հրոյ ճարակ եղան իրենց տէրերուն հետ: Հրոյ ճարակ դարձան նաեւ մեծ կարողութեան տէր Լալայեան եւ Ադամեան ընտանիքները: Ադամեան իր հրդեհուող տան պատշգամէն դիմադրեց եւ երկու տասնեակ հրոսակներ զգետնելէ ետք զարնուած ինկաւ:

Նիկոլ Դումանի կարգադրութեամբ հայկական զինուած փոքրիկ խումբերը փողոցներու անկիւնները բռնեցին եւ կրակ բացին թաթար խուժանին ուղղութեամբ:

Շամախինկա թաղը, Հայկական եւ Վորոնցովկա փողոցներուն մեծ մասը եւ Թելեֆոնեան փողոցը թաթար հրոսակներուն ձեռքը անցած էին: Այդ փողոցներէն անոնք կը յառաջանային դէպի քաղաքին կեդրոնը, դէպի Մալականսկայա եւ Տորգովայա փողոցները, հայկական թաղերը իրարմէ կտրելու համար: Անոնք ճամբան հանդիպած հայը կը սպաննէին:

Նիկոլ Դումանի գլխաւորած փոքրիկ խումբը Ղաննիթափա կայարանին մօտ, Տորգովայա եւ Հայկական փողոցներուն ծայրը կասեցուց թաթարներուն յառաջխաղացքը, շշեմեցնող քաջութեամբ ջարդեց հրոսակախումբերը եւ մաքրեց անոնց դիմադրական օղակները:

Այսպիսով հայկական թաղերուն մեծ մասը կապուեցան իրարու եւ երեկոյեան արդէն հնարաւորութիւն ստեղծուեցաւ կայարանէն մինչեւ Պարապետի հրապարակ համարեա անվտանգ անցնիլ: Թաքնուած հայերը հնարաւորութիւն ունեցան դուրս գալու իրենց թաքստոցներէն եւ շարժելու դէպի կեդրոն:

Ռուսական բանակի վաշտ մը զինուորներ բռնեցին Պարապետի հրապարակը, որմէ ետք թաթար խուժանը սկսաւ ջարդել Կոլիւբիակինսկայա, Ցիցիանովսկայա եւ Բազարնայա փողոցներու խանութներու դուռերը եւ թալանել: Թալանին մասնակցեցան նաեւ ոստիկաններ:

Նիկոլ Դուման

Նիկոլ Դուման եւ իր մարտիկները դուրս թռան իրենց դիրքերէն եւ սկսան կրակել թալանողներուն վրայ: Խուժանը քանի մը սպաննուած տալէ ետք փախուստի դիմեց:

Զօրքը, որ մինչեւ այդ ժամանակ դիտողի դերին մէջ կը գտնուէր, սկսաւ համազարկեր տեղալ հայ կռուողներուն վրայ:

Ուշ երեկոյեան Անանիա եպիսկոպոս հեռաձայնով կապուեցաւ Նակաշիձէի հետ: Նահանգապետը առաջնորդին ըսաւ, որ «արդէն ամէն բան կարգադրուած է եւ ոստիկանապետ Դիմինսկի ոստիկանութեան գլուխը անցած կը շրջագայի քաղաքին մէջ եւ ամէն ինչ պիտի ընէ` վերջ տալու անկարգութիւններուն»: Ան յայտնեց նաեւ որ Դիմինսկի պիտի այցելէ առաջնորդին եւ պիտի կատարէ անոր բոլոր հրամանները:

Քիչ ետք առաջնորդարան հասաւ ոստիկանապետը եւ ըսաւ, որ ինք ահա քանի մը ժամէ ի վեր կը շրջի քաղաքին մէջ, բայց ոչ մէկ տեղ զինուած թաթարի չէ հանդիպած, այլ ընդհակառակը, միայն հայերը զինուած են եւ այդ զինուած հայերը պէտք է զինաթափ ըլլան:

* * *

Հայկական կռուող ուժերը, համոզուելով որ իշխանութիւնները պիտի չմիջամտեն, որոշեցին ամէն գնով ձեռք ձգել պահեստի զէնքերն ու զինամթերքը: Այդ զէնքերն ու զինամթերքը, տասնութը հրացան, երկու տասնեակ ատրճանակ եւ քանի մը հազար փամփուշտ, թաթարական թաղի մը մէջ պահեստաւորուած էին, Երկիր առաքելու համար:

Փետրուած 7-էն 8 լուսցող  գիշերուան ընթացքին, Սիմոն Սիմոնեան, որ թաքցուցած էր այդ զէնքերը, յաջողեցաւ զանոնք դուրս բերել եւ Նիկոլ Դումանի տրամադրութեան տակ դնել: Որոշ զէնքեր ալ Վելիկոնեաժեսկայա փողոցին վրայ գտնուող Պետրոսեանի գինեվաճառատան ներքնայարկէն հանուեցան:

* * *

Երեքշաբթի, փետրուար 8-ի առաւօտուն թաթարները քանի մը ուղղութիւններով յարձակման անցան հայկական թաղերուն ուղղութեամբ, բայց զսպուեցան:

Հայկական թաղերը մտնելու մտքէն հրաժարելով, հրոսակները իրենց բարբարոսութիւնները սկսան ի գործ դնել թաթարական թաղերուն մէջ բնակող հայերուն նկատմամբ: Անոնք քարիւղ լեցնելով կրակի տուին հայոց տուները եւ հանգիստ դիտեցին, թէ ինչպէս կ՛այրին անոնք: Քանի մը տեղեր պատսպարուածները քաջութիւն ունեցան դիմադրելու եւ կրակը մարելու փորձ կատարելու, բայց խուժանը հրացանի համազարկերով ստիպեց դիմադրողներուն հեռանալ պատուհաններէն: Անոնք կը կրակէին այնքան ժամանակ, մինչեւ որ ներսի կողմէն դիմադրութիւնը կը դադրէր եւ տունը հրոյ ճարակ կը դառնար: Այրուողներու խելագար կանչին եւ մեռնողներու վերջին հեծկլտանքներուն խուժանը զուարճութեամբ եւ զզուելի անամօթ սրախօսութիւններով կ՛արձագանգէր:

* * *

Փետրուար 8-էն 9 լուսցող գիշերուան ընթացքին Մկրտիչ Աղամալեանի գլխաւորած կռուող տղոց խումբը Հայկական փողոցէն շարժեցաւ դէպի թաթարական թաղերը եւ փակեց թաթարներու փախչելու ճանապարհները:

Հայ տղոց  արագ եւ շեշտակի համազարկերու կրակին տակ, խուժանը, շուրջ երեսուն սպաննուած տալէ ետք, ակնթարթի մը մէջ չքացաւ փողոցէն:

Հայ տղաքը յաղթական բացագանչութիւններով գրոհի անցան եւ հասան հրոյ ճարակ դարձած տուներու սահմանները:

Կարգ մը տուներ տակաւին կ՛այրէին եւ ողջ մնացած շուրջ հարիւր հայեր, ծուխով լեցուած սենեակներու մէջ փակուած, վայրկեանէ վայրկեան մահուան կը սպասէին: Հայ մարտիկները հաւաքեցին զանոնք եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի փոխադրեցին:

* * *

Չորեքշաբթի, փետրուար 9-ին թաթարները դիմեցին նահանգապետին, յայտնելով որ պատրաստ են հաշտուելու: Անոնք խնդրեցին, որ հայերը հրաւիրուին նահանգապետին մօտ` կռիւներուն վերջ տալու համար:

Հայ ներկայացուցիչները ընդունեցին հրաւէրը եւ գացին նահանգապետին մօտ:

Հաշտութեան առաջարկը ընդունուեցաւ, որմէ ետք հայ եւ թաթար ներկայացուցիչները ոստիկանութեան հետ միասին դուրս ելան փողոցները եւ յայտարարեցին հաշտութեան մասին:

Չորսօրեայ դէպքերու ընթացքին հայերը տուին 205 զոհ (որոնց եօթը` կանայք, քսանը` երեխաներ եւ տասներեքը` ծերունիներ, մորթուած էին դաշոյններով) եւ 121 վիրաւոր: Թաթարները տուին 111 սպաննուած եւ 128 վիրաւոր:

* * *

Պաքուի հայկական ջարդերը

Հայրիկ 11 փետրուար 1905-ին բարեհաճեցաւ մխիթարական սրտառուչ կոնդակ մը ուղղել Պաքուի հայութեան.

«Հարազատ եւ տառապեալ հօտին իմոյց սիրեցելոյ որ կայք այժմ վիրաւոր եւ անմխիթար, ո՜ վշտակիր ժողովուրդ Բագու քաղաքի, ձեզ կարօտաւորացդ նուիրեմք ողջոյն հայրական, ցաւակցութիւն հայրապետական, խաղաղութիւն եւ օրհնութիւն Փրկչական:

Մինչդեռ յուսով աւետեաց խաղաղութեան եւ նախկին մեծ վայելչութեան Ս. Եկեղեցւոյ իմոյ ակնկալէի, մխիթարութեան մրմունջ ի շրթունս, զձեռս ի վեր եւ զաչս ի յերկինս ի հիւանդութեան մահճիս գուժեաց ինձ ձայն ի Տփխեաց, եթէ ողբումն եւ լալումն եւ աշխարհումն յոյժ ի Բագու քաղաքի ի մէջ հայազանց:… Գալարեցան աղիք իմ եւ սառեցան արիւն իմ յիս ընդ լուր աղէխարշ, սիրեցեալ զաւակը իմ եւ ես տառապեալս եւ ցամաքեալս որպէս մխիթարեցից զքեզ»:

… Վշտալի հօտ իմ` պատուական, մխիթարեա՛ց, մխիթարեա՛ց:… Յուշ լիցին քեզ, ժողովուրդ հայոց, յուշ լիցին քեզ անցք աղէտալի անցից եղբարց քոց եւ արենակցաց, որ ընդ տիրապետութեամբ օսմանեան պետութեան, յիշեա, զի՜նչ անցք անցին ընդ նոսա եւ նոքա կամ նման անդրդուելի ի հաւատս իւրեանց, աննկուն ի գործս, յուսով ապագայ բարութեան: Եւ ես աղօթս առնեմ վասն քո, տառապեալ ժողովուրդ հայոց, եւ դուք ընդ իս աղօթս արարէք»:

* * *

Պաքուի ջարդերուն ժամանակ հրժեհուած բնակարան

Պաքուի սարսափելի դէպքերուն մասին ստացուած տեղեկութիւններու եւ դիմումներու լոյսին տակ, Հայրիկ, իրեն ուղեկից ունենալով Յուսիկ եպիսկոպոսը եւ Մխիթար, Յուսիկ եւ Կորիւն վարդապետները, 11 փետրուար 1905-ին մեկնեցաւ Թիֆլիս, հոնկէ Պաքու երթալու նպատակով, յոյս ունենալով որ իր ներկայութիւնն ու միջամտութիւնը վերջ պիտի տան ազգամիջեան կռիւներուն:

Թիֆլիս հասնելէն ետք, փոխարքայ իշխան Կալիցին թոյլ չտուաւ հայոց կաթողիկոսին Պաքու երթալու:

Հայրիկ փոխարքայէն խնդրեց պատգամաւորութիւն մը ուղարկել Պաքու:

Կալիցին, պաշտօնական պատասխանատուութեան չենթարկուելու համար, ընդառաջեց հայոց կաթողիկոսի խնդրանքին:

Իբրեւ պատգամաւոր Պաքու ուղարկուեցան զօրավար իշխան Ամիլախվարի եւ կաթողիկոսի ներկայացուցիչներ Յուսիկ եպիսկոպոս Մովսիսեան եւ Մխիթար վարդապետ:

* * *

Պաքուի անմեղ նահատակներու յիշատակին Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Հայրիկի նախագահութեամբ եւ հազարաւոր ժողովուրդի մասնակցութեամբ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ: Ներկայ էին նաեւ վրացի պաշտօնական դէմքեր եւ իսլամ հոգեւորականներ:

Արարողութեան աւարտին, ցաւակցութիւն յայտնելով, իսլամ հոգեւորականները հրապարակաւ ըսին, որ Պաքուի եղբայրասպան դէպքերը ոչ ազգային ատելութեան, ոչ տնտեսական կացութեան եւ ոչ ալ մոլեռանդութեան հետեւանք են, այլ անոնք ծագած են արտաքին պատահական պատճառներէ եւ գաղտնի` ինչ որ դժոխային ուժէ:

Աղէտեալներուն եւ դժբախտ որբացածներուն համար հանգանակութիւն բացուեցաւ:

* * *

Հայրիկ, մտածելով որ Կովկասի մէջ ծայր առած ազգամիջեան կռիւները եւ թաթարներու հայաջինջ ծրագիրները կրնան արձագանգ գտնել Պարսկաստանի մէջ, Մուզաֆէրէտտին շահին հեռագիր ուղղեց.

«Թեհրան. նորին արքայական մեծութեան Մուզաֆֆէր-էդդին շահնշահին Իրանի:

Ցաւ ի սիրտ լուայ, եթէ բազմադարեան համադրացիք` Բաքուայ հայ եւ մուսուլման ազգաբնակութիւնն ընդհարուել է եւ երեք օրուայ ընթացքում տուել է անմեղ մարդկանց բազմաթիւ կորուստ, որից սարսում է մարդկային սիրտն ու զգացմունքը: Այս մասին յայտնելով Ձերդ Արքայական Մեծութեան, աղաչեմ սփոփել եւ խնամել Ձեր Արքայական հզօր գայիսոնի հովանու ներքեւ գտնուած խոնարհ հօտս:

Մկրտիչ կաթուղիկոս ամենայն հայոց»:

Հայրիկ պարսից արեգակնափայլ շահէն ստացաւ պատասխան հեռագիր.

«Նորին սրբութեան կաթողիկոսին ամենայն հայոց.

Ես ինքն շատ վշտացած Բագուի դէթքերից, երջանիկ եմ հաւաստիացնելու, որ պարսկահայերը օրինապահ հպատակներ են, որոնց համար կարող եմ վստահացնել Ձեզ եւ պնդել իմ բարեացակամութիւնն եւ իմ բարձր հովանաւորութիւնը: Մուզաֆֆէր-էդդին»:

Հայրիկի հովանաւորութեամբ Թիֆլիսի մէջ կազմուեցաւ Պաքուի աղէտէն վնասուածներուն նպաստող յանձնաժողովը:

Հայրիկի աշխատանքները կեդրոնացան յատկապէս հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման ուղղութեամբ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրքական Բանակին Ներխուժումը Հայաստան
Պատմական

Թրքական Բանակին Ներխուժումը Հայաստան

Մայիս 14, 2025
Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?