Այսօր` երեքշաբթի, 17 մարտին, յատուկ նիստի մը ընթացքին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պիտի քննարկէ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին հարցը, թէ արդեօք նպատակայարմա՞ր է զայն յետաձգելը, թէ՞ ոչ:
Երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտին, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Կապրիելէ Կրաւինա յայտարարեց, որ իր կազմակերպութիւնը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին առաջարկեց մրցաշարքը ամէն գնով յետաձգել, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ ամառ կայացնել եւրոպական երկիրներուն մէջ դադրած ախոյեանութիւններուն շարունակումը:
Նշուեցաւ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կը ծրագրէ մրցաշարքը կայացնել դեկտեմբերին («Քորոնա» ժահրին պատճառով), սակայն, այդ գծով ցարդ միայն կը կատարուէին ոչ պաշտօնական յայտարարութիւններ:
«Եւրօ-2020»-ի մրցաշարքի կայացման թուական ճշդուած էր 12 յունիսէն 12 յուլիս: