Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1970)

Մարտ 14, 2020
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ինտիրա Կանտի Կինը,
Որ Կ՛իշխէ

Հինգ հարիւր միլիոն հնդիկներու ճակատագիրը եւ… կին մը:

«… Ոչինչ ըրէ գաղտնօրէն, ծածո՛ւկ, գաղտնի գործել երբեք մի՛ փափաքիր. նման փորձ մը կը նշանակէ, որ վախկոտ ես, իսկ վախը գէշ բան է, մանաւանդ ՔԵԶԻ չի վայլել: Քա՛ջ եղիր եւ ամէն բան լաւ պիտի ընթանայ», կը գրէր, բանտէն ղրկուած նամակի մը մէջ, Ինտրա Կանտիի հայրը` Նեհրու:

Ինտրա Կանտիի «քաղաքական գործունէութիւնը» կը սկսի շատ կանուխ, երեք տարեկանին… Արդարեւ, ան շատ յաճախ առանձին կը մնար իրենց հսկայ ապարանքին մէջ: Իր շուրջ հաւաքած տան ծառաները, երբեմն ալ` իր պուպրիկները, աշխուժ եւ խանդավառ, հայրենասիրական ճառեր կը խօսէր:

Ինտիրա Կանտի կը մեծնայ հայրենասիրութիւն եւ անկախութիւն բուրող մթնոլոտի մը մէջ եւ կը սիրէ, կը «ներշնչուի» այդ մթնոլորտէն: Ազգայնականներու օճախ դարձած իրենց տունը ինքնաբերաբար կը ստիպէ, որ ան հետաքրքրուի քաղաքականութեամբ, ժողովուրդով, զանգուածով:

Տակաւին մանուկ, հազիւ տասներկու տարեկան (1929), ԻՆտիրա Կանտի կը հիմնէ մանուկներու կազմակերպութիւն մը (Ման քի Պրիկէյտ), որուն վեց հազար անդամներուն պարտականութիւնն էր լուր հաղորդել կամաւորներուն եւ ճաշերու պատրաստութեան ու վիրաւորներու խնամքին օգնել:

Իր վրայ ազդեցութիւն ունեցողներու կարգին կարելի է յիշել անունը Ֆերոզ Կանտիի, որուն հետ կ՛ամուսնանայ 1942-ին: Հազիւ վեց ամիս անցած` քաղաքական խնդիրներով կը ձերբակալուին եւ բանտ կը մնան: Ի. Կանտի կը ճաշակէ բանտն ու «լաթիս»-ը (գաւազան): Համբերութեամբ կը տոկայ եւ իր բանտարկութեան տասներեք ամիսներու ընթացքին գրել-կարդալ կը սորվեցնէ անուս բանտարկեալներու:

Անկախութենէն ետք, առանց ուղղակի քաղաքական գործունէութիւն ունենալու, ընկերային կեանքի մէջ մեծ դեր կը խաղայ, մանաւանդ` երեխաներու պաշտպանութեան գործին մէջ: Աւելի ետք կ՛ըլլայ անդամ Միացեալ ազգերու գործադիր մարմինին եւ կարեւոր դեր կը խաղայ համաշխարհային գետնի վրայ:

Ի. Կանտի Քոնկրես փարթիի նախագահ կ՛ընտրուի 1959-ին: Շատեր թերահաւատ էին, որոնց կարգին նաեւ իր հայրը` Նեհրու: Բայց շնորհիւ իր կորովի եւ  անվախ խառնուածքին` ի դերեւ չի հաներ իր վրայ դրուած յոյսերը: Իր հօր մահէն ետք (1964) կ՛ըլլայ տեղեկատուութեան եւ ձայնասփռումի նախարար:

1966 յունուար 26-ին է, որ Ինտիրա Կանտի կը ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:

«Ի՞նչ պէտք է ըլլան վարչապետի մը յատկութիւնները» երբ կը հարցուի իրեն`

«Ուղղամտութիւն, մանաւանդ` նուիրում», կ՛ըսէ Ի. Կանտի:

«Ի՞նչ են ձեր զգացումները իբրեւ կին վարչապետի»:

Այս հարցումէն չ՛ախորժիր Ի. Կանտի: «Գործիս մէջ ես ինծի կին չեմ նկատեր»,- կ՛ըսէ ան: Պէտք է ըսել,- որ,- կ՛աւելցնէ,- կնոջ գործը աւելի դժուար է, որովհետեւ պէտք է զբաղի նաեւ տան պարտականութիւններով»:

Երբ իր «փափուկ» առողջութիւնը» նիւթ դառնայ, քիչ մը ընդվզած` «կը խորհի՞ք, որ հիմա հոս կ՛ըլլայի, եթէ իրապէս «փափուկ» ըլլար առողջութիւնս: Դժուար թէ գտնէք մէկը, որ ինծի պէս չարքաշ կեանք մը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ», կ՛ըսէ եւ իր տխրութիւնը առանձնութիւնը արտայայտող խոշոր թխագոյն աչքերը կը փայլին վայրկեանի մը համար:

Արդարեւ, իբրեւ վարչապետ, հիւլէական ուժի եւ արտաքին գործոց նախարար (1967-էն ի վեր) եւ մայր` Ի. Կանտի օրական 14-16 ժամ կ՛աշխատի, յաճախ ժամանակ չի գտներ իր սիրած թռչուններով եւ ծաղիկներով զբաղելու:

Ի. Կանտի իրակա՛ն վարչապետի մը յատկութիւնները ունի: Դժուարութիւններու, խոչընդոտներու միշտ կը հանդիպի, բայց կանգ չ՛առներ. ինքնավստա՛հ, կը շարունակէ «ծառայել հայրենիքին եւ ժողովուրդին»:

ԷՎԱ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ

———————

ՕՐԱՏԵՏՐ                                                       ՄԱՐՏ  14

  • 1879.- Ծնունդ գերմանացի տեսաբան Ալպէրթ Այնըշթայնի: Մահացած 1955-ին:
  • 1883.- Մահ գերմանացի փիլիսոփայ եւ տնտեսագէտ Քարլ Մարքսի:
  • 1921.- Սկիզբ Երեւանի վրայ կարմիր բանակի յարձակումին:
  • 1972.- Ծնունդ յօրինող, բանաստեղծ, շարականագէտ եւ նարեկացիագէտ Արամ Պետրոսեանի:
  • 1984.- Մահ մեծանուն բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի: Ծնած է 1914-ին:
  • 2013.- Մահ բանաստեղծ, երգիծաբան եւ հրապարակախօս Արամայիս Սահակեանի: Ծնած է 1936-ին:

Տնտեսի կիրակի: Աստուած արարեց իմանալի աշխարհը եւ այնտեղ տնտեսներ կարգեց հրեղէններէն, ապա ստեղծեց զգալի աշխարհը եւ այստեղ տնտես կարգեց մարդը, իսկ այնուհետեւ` Իր կողէն բխած սուրբ Արեամբ հիմնեց եկեղեցին եւ այնտեղ տնտեսներ կարգեց առաքեալներն ու անոնց հետեւորդները:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հռչակագրի Նախագիծը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?