Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 19-22 մարտին Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն վարկանշային մրցաշարքը յետաձգուեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Շատ հաւանական է, որ անիկա տեղի ունենայ մայիսին:
Կը կարծուի, որ նոյն պատճառով պիտի յետաձգուի նաեւ Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք այլ մրցաշարք մըն ալ, որ կրնայ կատարուիլ յունիսի սկիզբը: