Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ կառավարութիւնը արագ քայլերով կ՛աշխատի` աւարտելու համար բարեկարգումի ծրագիրին մշակումը:
Ան նշեց, որ այդ ծրագիրին մէջ պիտի ներառուին Լիբանանի նիւթական պարտքին վերադասաւորումը, դրամատուներուն եւ ելեւմտական մարզին, ինչպէս նաեւ վարչական աշխատանքին մէջ որդեգրուելիք բարեկարգումները, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն վերաբերող բարեկարգումները:
Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ կառավարութիւնը ամէն տեսակ միջոցառումի կը դիմէ` պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ եւ արգիլելու համար անոր տարածումը:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ ելեկտրականութեան ծրագիրի գործադրութիւնը արդէն իսկ սկսած է:
Քիւպիչ նախագահ Աունին ներկայացուց այն նախապատրաստութիւնները, որոնք ընթացքի մէջ են` գումարելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին մասնակիցները տեղեակ պիտի պահուին Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն մասին, երբ անոնք քննեն թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան տեղեկագիրը:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան աշխատանքներն ու անոր վերաբերող տեղեկատուական հաստատութիւնները աշխուժացնելու քայլերը: