Լիբանանեան քրիստոնեայ քաղաքական անկախ խումբ մը ուժեր երէկ Լիբանանի Տիրամօր մատրան մէջ (Հարիսա) ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին քաղաքական եւ ազգային շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Տիրամօր մատրան մեծաւոր հայր Խալիլ Ալուան, նախկին նախարարներ Էլիաս Սապա, Ժոզեֆ Հաշեմ, Սլէյման Թրապուլսի, Քերիմ Բագրատունի, Նաժի Պուսթանի, Ժորժ Քորմ, Եաագուպ Սարրաֆ, Էլիաս Հաննա եւ Ժաք Չուխատարեան, նախկին երեսփոխաններ Էլի Ֆըրզլի, Ժըպրան Թոք, Էլիաս Սքաֆ, Ֆարես Պուէյզ, Մարուան Ապու Ֆատել, Ժորժ Նաժըմ, Փիեռ Տաքքաշ, Ապտալլա Ֆարհաթ, Սելիմ Հապիպ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Մունիր Հաժ, իրաւաբան Ռաշատ Սալամէ, դեսպան Ֆուատ Թըրք, Շատի Մասաատ, Շարլ Ղոսթին, Ֆուատ Ապու Նատեր, Ճօ Էտտէ, Ժոզեֆ Եաշուհի, Միշել Քարամ եւ Քլոտ Պուէյզ – Քանաան:
Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, շեշտուեցաւ կողմնակալութենէ զերծ լիբանանեան ազգային ծրագիր մը մշակելու անհրաժեշտութիւնը:
Հաղորդագրութիւնը կարդաց Ապտալլա Ֆարհաթ, որ յայտնեց, թէ նկատի ունենալով շրջանը հարուածող փոթորիկը եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյութեան վերաբերող մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մտահոգութիւնները, Հարիսայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակցող անձնաւորութիւնները կարեւոր նկատեցին Լիբանանի ապագային վերաբերող ազգային անկախ ծրագիրի մը մշակումը:
Ֆարհաթ յայտնեց, որ հանդիպումը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ 20 յունուարին:


