Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրինակելի Տարեց Հայուհին

Մարտ 7, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ

Ովսաննա Իզմիրլեան ծնած է 11 ապրիլ 1924-ին, Պէյրութ, հաճընցի Շմաւոն եւ Լուսին Իզմիրլեաններու ընտանեկան յարկին տակ` ըլլալով չորս զաւակներէն երկրորդը: Իզմիրլեանները Հաճնոյ մէջ 38 հոգի եղած են, սակայն միակ ճողոպրածները եղած են Շմաւոնն ու իր երկու քոյրերուն ամուսինները, որոնք ապաստանած են Ատանա: Անոնք 1922-ին կը հասնին Պէյրութ եւ 1928-էն սկսեալ կը հաստատուին քաղաքի Քարանթինա շրջանին մէջ մինչեւ 1971, ապա` Անթիլիաս-Նաքքաշ:

Ան յաճախած է Քարանթինայի Ազգային Մեսրոպեան նախակրթարանը, Հայ աւետարանական Կերթմէնեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան եւ Սրբուհի Ագնէս քոյրերու միջնակարգ վարժարան:

Իր ծառայութեան ոգին եւ դաստիարակելու տենչը զինք կը մղեն ընտրելու ուսուցչական ասպարէզը. ան անձնուէր կերպով 8 տարի կը դասաւանդէ Կերթմէնեան վարժարանին մէջ, իսկ կը հրաժարի իր շատ սիրելի ասպարէզէն միայն անհանգստութեան պատճառով:

Ան ինքնաշխատութեամբ եւ իր ընթերցասէր ոգիով կը տիրապետէր հայերէնին եւ բաւական սահուն` անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն:

Թէեւ առիթ չունեցաւ բարձրագոյն ուսում ստանալու, բայց ինքնազարգացումը եղաւ իր կոչումը: Ան ընթերցասէր էր մամուլի եւ գիրքերու ճամբով: Ունէր իր անձնական գրադարանը եւ երաժշտութեան երիզներու հարուստ հաւաքածոն: Մինչեւ կեանքին վերջը իրեն համար ամէնօրեայ սնունդի չափ կարեւոր էր Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ «Ազդակ»-ը կարդալ ծայրէ ծայր: Աւաղ «Ազդակ»-ը կորսնցուց անոր նման հաւատաւոր ընթերցող մը:

Ան տիրապետեց հայերէնին մինչեւ իր կեանքին վերջաւորութեան: Երբ իր 90-ամեակը տօնեցինք, իր երախտագիտական խօսքը եղաւ. «Մեծապէս շնորհակալ եմ այս աննախընթաց հաւաքոյթին համար կեանքիս մէջ: Իսկ իր վերջին խօսքը եղաւ «Տոքթո՛ր, կարծես վախճանս մօտ է», եւ քանի մը վայրկեան վերջ ֆիզիքապէս ան այս աշխարհէն հեռացաւ` իր ետին ձգելով բազմաթիւ արժանիքներ, յիշատակներ եւ օրինակելի կեանք մը:

Ան կարդալու մարմաջ ունէր երեք լեզուներով եւ այդ ձեւով հարուստ մտային պաշար, բառամթերք, անսահման յիշողութիւն եւ ընդհանուր զարգացում ամբարած էր եւ ատակ էր ընդհանուր զարգացման մրցումներու հարցարաններ պատրաստելու: Նաեւ 70-ականներուն եղած էր «Ազդակ» օրաթերթի խաչբառի մրցանակակիր:

Ան անդամակցած է Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական տիկնանց միութեան, Հայ աւետարանական ընկերային ծառայութեան պատասխանատու մարմինին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, նախ Քարանթինա, յետոյ ալ` Անթիլիասի մասնաճիւղին եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի հոգաբարձութեան կազմին: Եկեղեցւոյ պատերը շատ բարի վկայութիւններ ունին օրդ. Ովսաննայի եւ իր հօրը մասին` մինչ երկար տասնամեակներ, երբ անոնք ամենայն հաւատարմութեամբ կը յաճախէին եկեղեցի: Ինք եղած էր նաեւ այս եկեղեցւոյ պատմութեան լաւատեղեակներէն մին:

Նկարագիրով խստապահանջ էր ինքն իր անձին եւ շրջապատին հետ, նախանձախնդիր` հայկական եւ աւետարանական նիւթերու նկատմամբ: Միաժամանակ ամուր կամքի տէր էր նաեւ իր ապրելակերպին մէջ: Սնունդ, մարզանք, առողջապահական նախազգուշութիւններ, քուն եւ այլն: Ան նաեւ ծառայասէր էր, աստուածավախ, մշակութասէր եւ բոլորին հետ գործակցող: Եկեղեցւոյ երիտասարդական գործունէութիւններուն` միշտ բարոյապէս եւ նիւթապէս սատարող:

Հաճընցի հայրենակիցներուն մօտէն ծանօթ էր, եւ երբ որեւէ տեղեկութեան պէտք ըլլար, իրեն կը դիմէին: Ան նաեւ ազգասէր էր եւ պարտականութեան գիտակից, 94 տարեկանին, հակառակ անոր որ անկարող էր քալելու, պարտաճանաչ աշակերտի մը պէս գնաց եւ լիբանանեան վերջին երեսփոխանական ընտրութիւններուն (2018) իր մասնակցութիւնը բերաւ: Ան նաեւ մեծապէս հոգեկան գոհացում զգաց, երբ իր հօր` Շմաւոն Իզմիրլեանին ֆետայական գումարտակին բնագիր վկայագիրը յանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի արխիւներուն:

Անոր բարեմասնութիւններու շարքին կարելի չէ չյիշել իր նրբաճաշակ ըլլալը եւ իր հայկական ձեռագործի յատուկ տաղանդը եւ գեղեցիկ քրոշէ ծածկոցները, որոնք, մեծ հաճոյքով աշխատելէն ետք, յատուկ առիթներով կը նուիրէր ազգականներու եւ բարեկամներու` հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ:

Եղբայրը` Ասատուր Իզմիրլեան իր քաջալերանքով եւ պարծանքով դարձաւ բարերար Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին եւ ՔՋԱԿ-ին:

Օրդ. Ովսաննան ի Տէր ննջեց իր բնակարանին մէջ, 27 յունուար 2020-ին: Ան ընտանեկան պարագաներուն հետ իր սերտ կապը պահած էր հաստատ, յատկապէս իր եղբօր կնոջ` Օտրիին` Անգլիա, եւ իր քրոջ` Զարուհիին, ամբողջ Չալեան ընտանիքին Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ անոնց լուրերուն կը հետեւէր ամենայն պարծանքով ու սիրով: Վերջին տարիներուն ան ստացաւ յատուկ հոգատարութիւնը տիկ. Սելֆինին, եւ գնահատեց մօտիկ բարեկամներուն կամ եկեղեցական շրջանակի այցելուները:

Սիրելի՛ թանթիկ, թաղմանդ արարողութեան Հայ աւետարանական Էշրեֆիէի եկեղեցիին մէջ, հոգեւորականներու կողքին, յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու եկած էին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի անդամները, դպրոցի տնօրէնուհին` իր ուսուցչական կազմով եւ խումբ մը աշակերտներով, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին մէկիկ մէկիկ մօտենալով դագաղիդ եւ հոն զետեղեցին ճերմակ ծաղիկներ: Նաեւ ներկայ էին մեծաթիւ սրտակից բարեկամներ:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ Ովսաննա թանթիկ: Հողը թեթեւ գայ վրադ, յիշատակդ միշտ վառ մնայ բոլոր անոնց սրտերուն մէջ, որոնք քեզ մօտէն ճանչցան, եւ որոնք որ օգտուեցան քու բարեգործութիւններէդ:

Այս երկրի վրայ քու պարտականութիւններդ լիովին կատարած` բարի ճանապարհ անդենականին մէջ:

Հանգիստ ննջէ, սիրելի՛ թանթիկ:

Յարգա՛նք օրինակելի վաստակիդ:

 

 

Նախորդը

Շարունակելով Ժողովուրդ-Ակումբ Կապը. Ընթրիք-Խրախճանք Արագածի Մէջ

Յաջորդը

Հայոց Լեզուն Եւ Մշակութային Ժառանգութիւնը Պետութեան Հոգածութեան Եւ Պաշտպանութեան Ներքոյ Են

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?