Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ. ՅԱՐՈՒԹ ՓԱՄՊՈՒՔՃԵԱՆԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹՆ ՈՒ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԸ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՋԵՐՄ ՔԱՋԱԼԵՐԱՆՔԻՆ

January 9, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Ճէյն Այանեաններու, շաբաթ, 7 յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանրածանօթ երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի համերգը` ներկայութեամբ հարիւրաւոր հայորդիներու:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ Փամպուքճեան ունի յատուկ հնչեղութիւն եւ հմայք: Ան շեշտեց, որ Փամպուքճեան հայ երգի եւ հայ արուեստի անզուգական արուեստագէտն է: Իր խօսքի աւարտին, Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս նախաձեռնութեան յաջողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին:

Ապա Յարութ Փամպուքճեան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին, «Հայի աչեր» երգով սկսաւ համերգը: Ան աւելի քան երեք ժամուան ընթացքին երգեց ժողովրդային, ազգագրական ու հայրենասիրական երգեր եւ արժանացաւ ներկաներու ջերմ գնահատանքին: Հայորդիներ իրենց ծափահարութիւններով, երգեցողութեամբ եւ պարերով իրենց մասնակցութիւնը բերին համերգին` անջատուելով առօրեայէն եւ կամուրջներ հաստատելով հայ երգին հետ:

Փամպուքճեան համերգին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանահայութեան նկատմամբ յատուկ համակրանք ունի, քանի որ զինք առաջին քաջալերողները լիբանանահայերը եղած են:

Յայտնենք, որ հինգշաբթի, 5 յունուար 2012-ին, «Հապթուր» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Յարութ Փամպուքճեանի ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին շուրջ 1200 հայորդիներ, որոնք ժամեր վայելեցին հայ երգն ու երաժշտութիւնը եւ պարեցին հայկական պարերը:

 

 

 

Նախորդը

ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ 2 0 1 2. Պ Ա Տ Գ Ա Մ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Յաջորդը

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ` Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ. «ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՅՏՆՈՒԻԼԸ ԵՒ ՀԱՆԴԻՊԻԼԸ ՄԱՐԴ ԱՆՀԱՏԻՆ ՄԱՐԴԸ ԻՐ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԵՆԷՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐԱՒ» Կ՛ԸՍԷ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։