Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ շէյխ Սըլման Պըն Իպրահիմ Խալիֆէ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ Ասիոյ ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք բոլոր մրցումները (բաժակի եւ ախոյեանութիւններու) կը յետաձգուին անորոշ թուականով մը` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Յետաձգուած մրցումներուն կարգին պիտի ըլլան նաեւ արեւելեան եւ արեւմտեան ախոյեանութիւններուն գծով կատարուելիք մրցումները, ինչպէս նաեւ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին համագումարը, որ տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ 14 մարտին, Պահրէյնի մէջ: