Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԱՐԶԱՆՔԸ` ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՉԱՓԵԼՈՒ ՁԵՒ ՄԸ

January 9, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԵՐԵՒՍ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՐ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ԾՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԱՆՈՆՑ ՊԱՐՈՒՆԱԿԱԾ ՋԵՐՄՈՒԺԸ ՆՇԵԼՈՒ ՓՈԽԱՐԷՆ` ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ, ԹԷ ՔԱՆԻ՛ ՎԱՅՐԿԵԱՆ ՊԷՏՔ Է ՄԱՐԶԱՆՔ ԸՆԵԼ` ՍՊԱՌԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԶԱՅՆ: «ՏԻՍՔԱՒԸՐ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՆՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՄՂԵԼ ԱՒԵԼԻ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԱԾ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԻ ԿԱՄ` «ՅՈՒՍԱՀԱՏՈՒԹԵԱՆ»…

Կը բանանք 100 ջերմուժ պարունակող շիշ մը զովացուցիչ, սակայն մեզմէ քիչեր գիտեն, թէ այս թիւը որքա՛ն ուժի համազօր է, կամ թէ` որքա՛ն պէտք է քալել, հեծիկ քշել, գնումի երթալ, որպէսզի կարենանք սպառել զայն: Իսկ եթէ ուտելիքներու սննդական բաղադրութեան վերաբերող արձանագրութիւնները նշէին, թէ որքա՛ն մարզանք պէտք է ընենք, օրինակ, սպառելու համար տուրմի լոհ մը… գէշ պիտի չըլլար:

Վերջերս այս կարելիութիւնը հետազօտող ուսումնասիրութիւն մը քննած է շաքարով յագեցած ըմպելիի մը պարունակած ջերմուժը նշող տարբեր ձեւի ծանօթագրութիւններ: Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ այն նշանը, որ կ՛ըսէր. «Գիտէ՞ք, թէ մէկ շիշ կազային խմիչք կամ մէկ շիշ պտուղի հիւթ սպառելու համար պէտք է վազել 50 վայրկեան», կէսի իջեցուցած է տուեալ խմիչքին վաճառքը ափրիկեցի-ամերիկացի պատանիներու քով: Մինչդեռ այն ծանօթագրութիւնը, որ ցոյց կու տար խմիչքին ջերմուժին ընդհանուր թիւը կամ համեմատութիւնը` բաղդատած անձի մը ջերմուժի օրական կարիքին, որեւէ յատկանշական ներգործութիւն չէ ունեցած:

Թէեւ ուսումնասիրութիւնը կատարուած է սակաւաթիւ անձերու վրայ եւ պէտք է ապացուցուի աւելի մեծ թիւով անձերու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններով, սակայն նման ներգործութիւն մը հաւանական կը թուի ըլլալ, նկատի ունենալով, որ մարզանքը շատ աւելի ճշգրիտ ձեւ մըն է ուժ չափելու, քան` ջերմուժը: Իրօք, առողջապահութեան համար պայքարող կարգ մը մասնագէտներ արդէն որդեգրած են այս մարտավարութիւնը: Նիւ Եորքի գետնուղիներուն մէջ ծանուցումներ կ՛օգտագործեն ճիշդ այս մօտեցումը` 550 մլ ծանրութեամբ շիշ մը կազային խմիչքին ջերմուժը առնչելով 4.8 քմ քալելու` Եանքի մարզադաշտէն Սենթրըլ Փարք:

Անշուշտ այս մարտավարութիւնը ունի իր թերութիւնները: Շարժումի միջոցով ջերմուժի սպառումը մեծապէս կը տարբերի անձէ անձ եւ կախեալ է տուեալ անձին տարիքէն, անոր ծանրութենէն, սնունդը հիւսկէններուն փոխանցելու գործընթացէն եւ բազմաթիւ այլ ազդակներէ, զորս չափելու ձեւերը ցարդ չենք գիտեր: Հետեւաբար նման ծանօթագրութիւն մը պարզապէս մօտաւոր գնահատում մըն է: Նաեւ հարկ է քննել, թէ տարբեր հաւաքականութիւններ ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն նման ծանօթագրութեան մը: Պիտի չուզէինք, որ ասիկա առաջնորդէր չափազանցուած մարզանքի եւ սննդառական խանգարումներու, օրինակ` պարմանուհիներու քով:

Սակայն նկատի ունենալով, թէ որքա՛ն առատ ջերմուժով յագեցած են այսօրուան պատրաստ ուտելիքները, այնքան ալ գէշ գաղափար մը չէ իրականութիւնը ստուգել մերթ ընդ մերթ: Երբ մտածենք, թէ օրական քանի՛ ժամ կը նստինք, եւ երբ մտածենք տուրմի լոհ մը ուտելու մասին, զոր սպառելու համար պէտք է 2 ժամ դանդաղ կշռոյթով վազել, ապա թերեւս կրնանք աւելի յստակօրէն որոշել, թէ ի՛նչ պէտք է ուտել եւ ի՛նչ քանակութեամբ:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Նախորդը

ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՁԵՐ ՍԻՐԵԼԻՆԵՐՈՒՆ ԸՍԷՔ, ԹԷ ԳԷՐ ԵՆ

Յաջորդը

ՍՆՆԴԱՌԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՔԻՉ ՈՒՏԵԼԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԿԸ ՊԱՀԷ ՈՒՂԵՂԸ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։