Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Ազերիական Ժահր

Մարտ 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհ իրարանցումի մէջ է: Անտեսանելի, անզսպելի եւ անթափանցելի սատանայական հիւանդութիւն մը` աշխարհ իրարանցումի մէջ է: Անտեսանելի, անզսպելի եւ անթափանցելի սատանայական հիւանդութիւն մը` քորոնա ժահրը աւերներ կը գործէ ամէնուրեք, բանուկ քաղաքներէն մինչեւ հեռաւոր, բնութեան գիրկին մէջ բազմած գիւղերը:

Գրեթէ ամիսէ մը ի վեր երեւան ելած է այս ժահրը, որուն դարմանումին ի խնդիր` որեւէ յառաջխաղացք արձանագրուած չէ ցարդ: Բնականաբար Հայաստանն ալ ազդուած է այս վարակիչ ժահրէն, մինչդեռ դրացի թշնամիին` Ազրպէյճանի պարագային, տարուան այս օրերուն, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր այլ ժահր մը դարձած է կարեւորագոյն կիզակէտը:

Այդ ալ Խոջալուի սպանդն է: Երկու խօսքով, ըստ Պաքուի, 1992 թուականի փետրուար 25-26 լուսցող գիշերուան ընթացքին, հայերը, հսկելու համար Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհը, յարձակում գործած են ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Խոջալու աւանին վրայ եւ սպաննած են տեղւոյն բնակիչները: Թիւին մասին կարելի է երկար ցանկ մը պատրաստել: Զոհերուն թիւը սկսաւ քանի մը հարիւրով, ապա հասաւ վեց հարիւրի եւ մինչեւ հազարի:

Վիճակագրութեան մէջ մասնագիտացած ընկերութիւն մը կրնայ ստուգել, թէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը որքա՞ն շահագործած է այս աղաւաղուած եւ միակողմանի ձեւով ներկայացուած պատահարը, եւ դեռ աւելին` սպանդ, ապա ջարդ եւ, վերջին տարիներուն, ցեղասպանութիւն որակումը ցոյց կու տայ, թէ ո՛ւր հասած է ազերիական քարոզչական մեքենան: Հաստափոր գիրքեր, երկար-բարակ մանրամասնութիւններով եւ կիսատ-պռատ բացատրողականներով, նաեւ վաւերագրականներ պատրաստուած են Խոջալուին դէպքը վերածելու հայկական «ֆաշիզմ»-ի եւ ցեղապաշտութեան:

Իսկ վերջին տարիներուն, քայլ պահելով արդիականացած մետիային հետ, հաւանաբար բազմաթիւ դեսպանատուներու եւ հիւպատոսներու ե-նամակներու հասցէին այս գծով ղրկուած են լսատեսողական պատրաստութիւններ ու թղթածրարներ:

Նոյնիսկ աշխարհի մեծագոյն քաղաքներու բանուկ ճամբաներու վրայ պաստառներ կը վարձուին, եւ խեղաթիւրուած ձեւով կը ներկայացուի օգտագործող ու չարչարող հայ տիպարը` ընդդէմ օգտագործուող ու չարչարուող ազերիին: Իսկ դեռ աւելի՛ն, 2016-ին ազերիական փեթրոտոլարներով սնած ֆրանսացի երաժիշտ մը պատրաստած էր երաժշտական «Խոջալու 613» գործը, որուն ելոյթը Փարիզի մէջ կարելի եղաւ ջնջել` շնորհիւ հայ երիտասարդութեան ցոյցերուն:

Մէկդի դնենք Պաքուի գործօն շահագործումը` հակահայ քարոզչութիւն կատարելու համար եւ վերադառնանք դէպքին: Արդարեւ, ո՛չ միայն հայրենի մամուլը, այլ ազերի ընդդիմադիր մետիան յստակօրէն կը տեղեկացնեն, որ մութ ծալքեր թաքնուած են դէպքին ետին: Յստակ է, որ հայկական կողմը դիտմամբ միջանցք մը հսկումի տակ առած էր, որպէսզի անմեղ բնակչութիւնը, որուն մեծամասնութիւնը Ուզպէքիստանէն գաղթած մեսխեթցիներ էին, կարենար փախչիլ: Այդպէս ալ եղաւ, սակայն դէպի հիւսիս-արեւելք խոյս տալու ժամանակ դիմացէն տեղւոյն ազերի ուժեր անխղճօրէն կրակեցին բնակչութեան վրայ: Այսպիսով, անոնք ամէն գնով պիտի դիւրացնէին օրուան նախագահ Մութալիպովի հեռացումը իր պաշտօնէն: Այդպէս ալ եղաւ, եւ դեռ աւելի՛ն. այս շինծու սպանդը ցայսօր կը մնայ խաղաքարտ մը, քանի մը տարի առաջ այդ միեւնոյն օրերուն կատարուած Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերուն եւ նոյնիսկ արցախեան շարժման հերթական տարեդարձին:

Իսկ ինչպէ՞ս մեկնաբանել ներկայ նախագահին հօր` Հայտար Ալիեւի մէկ նենգամիտ արտայայտութիւնը. «Խոջալուի արիւնահեղութիւնը մեր օգտին է: Հետեւաբար մենք երբեք պէտք չէ որ միջամտենք…»:

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԴ.

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Փետրուարեան Ձեռնարկներ

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?