Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Հայոց Բանակի Երկրորդ Զօրասիւնը` Զօրընտիր Հայ Դատի Յանձնախումբերը

February 29, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տասնամեակներու վրայ երկարող ճանապարհ ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քաղաքական գործունէութիւնը արտաքին ճակատի վրայ, որուն մղիչ ներուժը կը հանդիսանայ աշխարհատարած Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները:

Այս օրերուն Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուող Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը պարտաւորութիւնը ունի մշակելու քարոզչական-մարտավարական մօտեցումները, համադրել շրջաններու մէջ իրականացուող գրասենեակներու աշխատանքները, օգտագործել հիմնական թիրախներու ուղղութեամբ քարոզչական ողջ ներուժը եւ նոր որակի բարձրացնել թուրք-ազրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնը սանձելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու արդիւնաւէտութիւնը:

Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդման առաքելութեան մէջ արդէն իսկ վիթխարի ու պատմակշիռ ձեռքբերումներ արձանագրած Հայ դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Հայ դատի ռազմավարութիւնը հիմք ընդունելով` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին առնչակից ու լծակից կը նկատէ հայոց հողային պահանջատիրութիւնը եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգերը կ՛իրագործէ քարոզչական եւ մարտավարական համապատասխան լոպիիական ուղեգիծով:

Զուգահեռաբար, յանձնախումբերը անցնող երեք տասնամեակներուն գօրծունէութեանց իրենց ուղեծիրը ընդլայնելով` Հայ դատի մարտավարութեան մէջ ներառած են Արցախի եւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ ծաւալուն դաշտ, որուն արգասիքն են վերջին տարիներու Արցախի անկախութեան եւ ինքնորոշման ուղղուած միջազգային պետական եւ նահանգային ճանաչման քայլերն ու նախաձեռնութիւնները:

Այս բոլորը համադրելու եւ իրագործելու համար ամերիկեան, եւրոպական, ասիական եւ Ովկիանիոյ ցամաքամասերուն վրայ, Հայ դատի յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ, կը կայանան հանդիպումներ` տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու պատգամաւորներու հետ, գործադիր իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հետ, քաղաքական կուսակցութիւններու հետ, ցեղասպանութիւններու հարցերով զբաղող միջազգային ուսումնակեդրոններու հետ եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու սփիւռքեան համայնքներու ղեկավարութեանց հետ:

Դաշնակցութեան համար սկզբունք է սատարել հայկական պետականութեան արտաքին քաղաքականութեան ամրապնդման եւ սփիւռքի Դաշնակցութեան կառոյցներու քաղաքական կարողականութիւններու անսպառ ներուժը ի սպաս դնել Արցախի եւ Հայաստանի համար, այն համոզումով, որ սփիւռքի հզօրացումը կարեւոր երաշխիքներէն մէկն է Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց գոյատեւման, յարատեւման եւ զարգացման:

1981 թուականին Փարիզի մէջ կայացած ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր ժողովը կ՛ամրագրէր Հայ դատի յստակ ռազմավարական բանաձեւ` ուր կը շեշտադրուէր, որ աշխարհի մեծ պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած բոլոր պետութիւնները բարոյական եւ քաղաքական յանձնառութիւններ ունին հանդէպ հայ ժողովուրդին եւ ցարդ պարտական կը մնան Հայ դատին: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, թրքական պետութեան անժամանցելի պատասխանատուութիւնը քննարկման ենթակայ չեն կրնար ըլլալ, եւ ամբողջական ու արդար հատուցման հարցը այսօր, աւելի քան երբեք, սեղանի վրայ անխուսափելի օրակարգ է:

Միաժամանակ, ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերուն համար անյետաձգելի հիմնախնդիրներ են Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան, կայունութեան ու զարգացման հետեւողական ապահովումը: Հայ դատի յանձնախումբերը մերօրեայ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման` կը հետեւին Դաշնակցութեան «Զարգանալ` չզիջելով» սկզբունքին, սկզբունք, որ Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանուածութեան անփոխարինելի զրահանդերձն է եւ Արցախի հարցի լուծման հիմնական առանցքը:

Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ Հայ դատի յանձնախումբը գիտակից է, որ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց անվտանգութիւնը այսօր համահիւսուած է, եւ քաղաքական քարոզչութեան հարթակի վրայ այդ անվտանգութեան ընթերակայ երաշխաւորը աշխարհատարած Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակներն են:

Նախորդը

Թորոս Թորանեանին 23-րդ Տարեդարձը

Յաջորդը

Համաժողովրդական Շարժումը Իր Թաւշեայ Թէ Թաւալագլոր Սահանքներէն Փրկելու Երկխօսութեան Եւ Պայքարի Միջեւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.