Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահրերու Նուաճումը

Փետրուար 29, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անոնք ձմրան օրերուն մեր թիւ մէկ թշնամիներն են… մօտէն ծանօթանանք անոնց գաղտնիքներուն:

1.- Ի՞նչ է ժահրի մը վտանգը:

Ժահրերը անկարող են առանձին բազմանալու. հետեւաբար անոնք պէտք ունին, իր կամքէն անկախ, «հիւրընկալի» մը: Այս ձեւով, ձմրան ժահրերուն պարագային, այդ հիւրընկալ մարմինը կրնայ մեր մարմինը ըլլալ:

2.- Ինչպէ՞ս կը վարակուին ժահրերով:

Գտնուելով` հազացող կամ փռնգտացող հիւանդի մը մօտ, որովհետեւ այս վերջինը կ՛արձակէ ժահրեր պարունակող մանր կաթիլներ. գիտէի՞ր, թէ փռնգտոց մը կրնայ մանրէներ արձակել մինչեւ 6 մեթր` ժամական 50 քմ արագութեամբ: Ժահրերը կրնան փոխանցուիլ նաեւ ձեռքերուն միջոցով, օրինակի համար, դպնալով հիւանդի մը ձեռքերուն կամ առարկաներուն, որոնց ան դպած է:

3.- Ինչո՞ւ ժահրերը կը բազմանան ձմրան:

Ձմրան անպայման աւելի մեծ թիւով ժահրեր գոյութիւն չունին, սակայն ձմրան մենք աւելի նուազ կը դիմադրենք անոնց: Մեր քիթին մանրէները «մաղելու» կարողութիւնը կը նուազի, որովհետեւ ան արդէն ուրիշ գործի մը լծուած է` մեր շնչած պաղ օդը տաքցնել: Տան մէջ վիճակը աւելի լաւ չէ` ընտանիք, բարեկամներ… որոնք ժահրերէ վարակուած են, կրնան իրենց կարգին իրենց շուրջինները վարակել: Յատկապէս ձմրան, երբ մեր մարմնին դիմադրականութիւնը նուազ լաւ կ՛աշխատի` ցուրտէն եւ արեւու պակասէն ազդուած:

4.- Ինչպէ՞ս կը հակազդէ մեր մարմնին դիմադրականութիւնը` պայքարելու համար ժահրերուն դէմ:

Մեր մարմնին բնական դիմադրող միջոցներու խումբը կը կոչուի ախտազերծման դրութիւն: Անոր միջոցով է, որ մեր մարմինը կը նշմարէ, երբ ժահր մը կը մտնէ անոր մէջ: Այս դրութիւնը անմիջապէս կը հակադարձէ. ան կը դանդաղեցնէ ժահրին գործունէութիւնը եւ կը ստեղծէ «զինուոր բջիջներ», պատրաստ` ժահրը փճացնելու: Իւրաքանչիւր ժահրի յարձակումէ ետք մեր մարմինը նոր դիմադրականութեամբ կ՛օժտուի եւ իր պաշտպանողական դրութիւնը կ՛ամրապնդէ մեծնալով:

                               Ի՞նչ Են

Միքրոպները (մանրէ): Անոնք այնքան մանր կենդանի մարմիններ են, որ մենք կրնանք զանոնք տեսնել միայն մանրադիտակով:

Վիւրիւսները (ժահր), պաքթերիաները (ցպկամարմին) եւ սունկի կարգ մը տեսակներ մանրէներ են:

Պաքթերիաները: Անոնք մանրէներու տեսակ մըն են, որոնք մէկ բջիջէ կը բազմանան: Կարգ մը պաքթերիաներ հիւանդութիւններ կը յառաջացնեն, սակայն այդ հիւանդութիւններուն մեծ մասը օգտակար է: Օրինակի համար, մենք մեր աղիքներուն մէջ ունինք միլիոնաւոր պաքթերիաներ, որոնք մեզի կ՛օգնեն ուտելիքներու մարսողութեան ժամանակ:

Վիրիւսները: Անոնք մանրէներու տեսակ մըն են, հաւանաբար աշխարհի վրայ գտնուող ամէնէն մանր կենդանի էակներն են: Մէկ միլիմեթրի վրայ կարելի է քով-քովի շարել հազարաւոր ժահրեր:

Բջիջները: Անոնք մեր գործարանները, ոսկորները… կազմող մանրադիտային տարրերն են: Մեր մարմինը կազմուած է 100 հազար միլիառ բջիջներէ:

 

Աւելի Զօրաւոր`
Ժահրերուն Դէմ

Ժահրերուն դէմ պայքարելու կազմ ու պատրաստ ըլլալու համար, ահա` քանի մը ցուցմունքներ:

1.- Փորձէ լաւ քնանալ, ամէն գիշեր 9-11 ժամ: Ասիկա առաջին քայլն է առողջ ըլլալու եւ, հետեւաբար, աւելի լաւ դէմ դնելու ժահրերուն:

2.- Սենեակիդ օդը նորոգէ օրական նուազագոյնը 10 վայրկեան` մանրէներէն ձերբազատելու համար: Ստուգէ, որ սենեակիդ մէջ շատ տաք չըլլայ, մօտաւորապէս 19 աստիճան:

3.- Գործածէ թուղթէ թաշկինակներ, զորս պիտի գործածես միայն մէկ անգամ եւ անմիջապէս աղբաման թափես քիթդ մաքրելէ ետք:

4.- Ուտելէ առաջ, բաղնիք մտնելէ ետք, դպրոցէն վերադարձին… ձեռքերդ լուա՛ օճառով ետեւ-առջեւ, մատներուն միջեւ, բութամատ եւ դաստակ, եղունքներուն տակ:

5.- Ճաշացուցակին վրայ, ձուկ, կաթ, սեւ տուրմ: Ասոնք Տէ. կենսանիւթով հարուստ ուտելիքներ են, եւ մեր դիմադրականութեան համար շատ լաւ «վառելանիւթ»:

6.- Հանրային վայրի մը մէջ ծորակը արմուկովդ գոցէ (կամ զայն օճառէ ձեռքերդ ցօղուելէ առաջ): Այս ձեւով ուրիշ անձերու ձգած մանրէները քեզի չեն փոխանցուիր:

7.- Շաբաթը նուազագոյնը մէկ անգամ համակարգիչիդ կամ թապլեթիդ ստեղնաշարը կամ պաստառը ժելով մը մաքրէ. նոյն ձեւով մաքրէ նաեւ յաճախ գործածած խաղալիքներդ եւ գրասեղանդ:

8.- Փորձէ դէմքիդ շատ չդիպչիլ, քիթդ, աչքերդ եւ բերանդ ժահրերու մուտքի անցքեր կրնան ըլլալ: Այո՛, ասիկա դիւրին բան մը չէ, որովհետեւ մենք օրական մինչեւ 3000 անգամ զայն կրնանք կրկնել:

9.- Երբ տունէն դուրս կ՛ելլես, վզկապ մը դիր. անիկա քիթդ պիտի պաշտպանէ եւ զայն խոնաւ պիտի պահէ աւելի դիւրութեամբ ժահրերը հեռու պահելու համար:

10.- Աւելի պտուղ եւ բանջարեղէն կեր: Ձմրան մեր մարմնին դիմադրականութիւնը ա՛լ աւելի պէտք ունի անոնց մէջ գոյութիւն ունեցող կենսանիւթերուն, քան` ամրան:

11.- Հակառակ ցուրտին` փորձէ անշարժ չմնալ. օրինակի համար, օրական մէկ ժամ ֆիզիքական մարզանքը մարմնիդ կ՛օգնէ զօրանալու եւ հարբուխին դէմ պաշտպանուելու:

12.- Նո՛ւշ կէր: Անոնք մակնեզիոմով հարուստ են: Մակնեզիոմը կ՛օգնէ ձմրան յոգնութեան դէմ պայքարելու եւ առողջութեան համար շատ աւելի լաւ է, քան` իւղոտ ու շաքարոտ կրկնեփները:

13.- Մի՛ մոռնար ջուր խմելու, օրական` մօտաւորապէս 1,5 լիթր: Նոյեմբերին երբ դուրսը օդը ցուրտ է, դուն նուազ կը ծարաւնաս, քան` ամառը:

14- Երբ դուրս կ՛ելլես, ձեռնոց դիր, այս ձեւով ժահրերէն վարակուելու վտանգը` ինքնաշարժներու դուռերուն վրայէն, խաղավայրի երկաթներէն… կը նուազի:

15.- Ձեռքերդ լուա՛յ գնում ընելէ, կամ գրպանի դրամդ գործածելէ ետք. կրիփի ժահրը կրնայ մինչեւ 17 օր կենդանի մնալ թղթոսկիներու վրայ:

***

Այս պարզ քայլերուն հետեւելով` դուն կազմ ու պատրաստ պիտի ըլլաս ժահրերուն դէմ պատերազմդ յաղթելու:

 

Ժամանց
1) Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:
2) Կրնա՞ս գտնել պատկերին համապատասխանող շուքը:

 

3) Ո՞ր պաստառին վրայ նետելով իր սլաքները այս ոզնին ամէնէն մեծ թիւը պիտի նշանակէ:

 

4) Կրնա՞ս գտնել վայրի այծին հասցնող ճամբան:
5) Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատկերները:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իմ Անմեղ Յոյս

Յաջորդը

Թորոս Թորանեանին 23-րդ Տարեդարձը

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?