Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 8 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Անթունիէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Անթունիէի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 18:00-ին:
Անթունիէի դէմ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը կատարած եւ առաջին յաղթանակը արձանագրած ՀՄԸՄ-ի մարզիկները, այժմ կը գրաւեն Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը` ապահովելէ ետք առաւելագոյն 21 կէտը:
Նշենք, որ երթին ՀՄԸՄ 71-59 արդիւնքով յաղթած էր իր մրցակիցին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, այսօր Պիպլոս կը մրցի Պաժժէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պիպլոսի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 18:00-ին:
Շաբաթ օր Անիպալ Զահլէ կը հիւրընկալէ Շանվիլը (ժամը 16:00-ին), իսկ կիրակի օր Մութթահետ Թրիփոլի` Սաժես Պէյրութը (ժամը 18:00-ին):
Նշենք, որ դարձի 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, նախանցեալ օր Մանարայի մէջ Ռիատի Պէյրութ 131-69 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Անդրանիկ Պէյրութը:


