Գերմանացի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Եիւրկըն Քլինսման, որ նախորդ տարուան 27 նոյեմբերին նշանակուած էր Հերթա Պերլինի մարզիչ, հեռացաւ իր պաշտօնէն:
Այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
55 տարեկան Քլինսմանի հետ Հերթա Պերլին արձանագրեց երեք յաղթանակ, երեք հաւասարութիւն եւ կրեց չորս պարտութիւն:
Գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուեցաւ անոր օգնականը` Ալեքսանտր Նուրի: