Երէկ` երկուշաբթի, 10 փետրուարին Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ, սկիզբ առաւ Եւրոպայի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը, որ վարկանշային չէ Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն համար:
77 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարապետ Չալեան, թէեւ հասաւ կիսաւարտականին, սակայն պարտուեցաւ իր մրցակիցէն` Սանան Սիւլէյմանովէն (Ազրպէյճան):
Եւրոպական խաղերու փոխախոյեանը, որ իր պայքարը սկսաւ զտումի հանգրուանէն եւ արձանագրեց երեք յաղթանակ, այսօր մրցում մը պիտի կատարէ քառորդ աւարտականին գծով:
Երէկ Հայաստանի չորս այլ ներկայացուցիչները` Մաքսիմ Մանուկեան (87 քկ), Ռուդիկ Մկրտչեան (55 քկ), Սահակ Յովհաննիսեան (63 քկ) եւ Դաւիթ Օւասաբեան (130 քկ) մեկնարկային ճակատումներուն պարտութիւն կրեցին: