Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Մեր Կառոյցներուն Վրայ Ծայրայեղականներուն Յարձակումները Կը Շղթայազերծուին Թուրքիոյ Վերահսկողութեան Տակ Գտնուող Շրջաններէն»

Փետրուար 7, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չաւուշօղլու. «Ռուսիայէն Կ՛ակնկալենք Անմիջապէս
Դադրեցնել Սուրիական Բանակի Յարձակումները»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ ռուսական կառոյցներուն վրայ ծայրայեղականներուն յարձակումները կը շղթայազերծուին Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն եւ թիրախ կը դարձնեն սուրիական բանակն ու ռուսական զինուորական կեդրոնները»:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հեռաձայնային վերջին հաղորդակցութիւնը հաստատեց, որ իւրաքանչիւր կողմ իր սեփական շարք մը մտավախութիւնները ունի Իտլիպի մէջ կացութեան վերաբերեալ: Այն ինչ որ Մոսկուան կը մտահոգէ այս խմբաւորումներուն թշնամական գործունէութիւնն է, որ Թուրքիոյ պատկանող կէտի մը մէջ կը գտնուի, ինչպէս նաեւ շարունակումը այդ ահաբեկչական խմբաւորումներուն թշնամական գործունէութիւններուն, որոնք ուղղուած են սուրիական զինեալ ուժերուն դէմ»:

«Ներկայիս Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ ժողովի ծրագիրներ գոյութիւն չունին, սակայն կարելի է այդպիսի ժողով մը արագօրէն դասաւորել, եթէ պէտք ըլլայ», ըսաւ Փեսքով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Յունուարի կիսուն ռուս եւ թուրք զինուորները հերթական փորձի ձեռնարկած էին` հանդարտութիւն հաստատելու Իտլիպի մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ: Սակայն ահաբեկիչները ո՛չ միայն չեն նուազեցուցած իրենց մարտական աշխուժութիւնը, այլեւ ընդհակառակն` աւելցուցած են զայն:

«Միայն վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին արձանագրուած են հազարէն աւելի յարձակումներ: Սուրիական բանակին եւ բնակչութեան մօտ մահացածներու եւ վիրաւորներու թիւը դարձած է քանի մը հարիւր: Չեն դադրիր ռուսական Հմէյմիմ ռազմակայանին վրայ յարձակումները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կը յայտնէ, որ լարուածութեան աւելնալը ահաբեկիչներու գործունէութեան արդիւնք է, որուն ի պատասխան ալ կը գործէ սուրիական բանակը: Յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Ռուսիան հաւատարիմ կը մնայ Ասթանայի ձեւաչափին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Ռուսիայէն կը սպասենք անմիջապէս դադրեցնել Իտլիպի մէջ Սուրիոյ կառավարութեան յարձակումները»:

«Ռուսական պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Թուրքիա` քննարկելու համար Իտլիպի մէջ տիրող կացութիւնը, եւ երկու երկիրներուն նախագահները, եթէ պէտք ըլլայ, ատկէ ետք ժողով կը գումարեն», յայտարարեց Չաւուշօղլու:

Ուաշինկթըն Մոսկուայէն Կը Պահանջէ Դադրեցնել Յարձակումը

Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրի «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց «Իտլիպի մէջ Ռուսիոյ աջակցութեամբ սուրիական կառավարութեան շղթայազերծած յարձակումին առնչութեամբ»:

Ճեֆրի Մոսկուայէն պահանջեց «դադրեցնել յարձակումը»` նշելով. «Այս տագնապը վտանգաւոր է եւ պէտք է ատոր վերջ տալ»:

Ան Ռուսիոյ կոչ ուղղեց «փոխելու իր քաղաքականութիւնը»` նշելով. «սուրիական յարձակումին աջակցութեան մէջ միայն ռուսերուն մեղսակցութիւնը չենք տեսներ, այլ նաեւ իրանցիներուն եւ Հըզպալլային»:

«Չենք գիտեր, եթէ յարձակումին նպատակը «էմ4-էմ5» ճամբուն տիրելն է, թէ ատկէ անդին պիտի շարունակուի», ըսաւ ան` ակնարկելով Հալէպը Համային ու Լաթաքիոյ կապող ռազմավարական ճամբուն:

Ամերիկացի պատուիրակը յայտնեց, որ գոյութիւն ունին յաւելեալ փաստեր, թէ Ռուսիան կ՛ոտնահարէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ բախումի արգիլման պայմանները` աւելցնելով, որ ատիկա «Միացեալ Նահանգներու այդտեղ ներկայութեան մարտահրաւէր կարդալու փորձ մըն է»:

«Քանի մը անգամ փորձեցին մուտք գործել այն շրջան, ուր մենք ու Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը կը գտնուինք մեր գծած գլխաւոր գիծերուն մէջ», ըսաւ ան` նշելով. «Անոնք են այն փորձերը, որոնք զիս կը մտահոգեն»:

Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր կարգին յայտարարեց. «Փարիզ Դամասկոսի դաշնակիցները պատասխանատու կը նկատէ Իտլիպի մէջ տիրող կացութեան համար»:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրին Դամասկոսի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումի Մը

Յաջորդը

«Մենք Ձեզմէ Սորված Ենք Իրարու Աջակցիլ» Չաւուշօղլուն Կ՛ըսէ Ալիեւին

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?