Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԱՆԳԻՆ ՈՐՄՆԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

January 6, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միքելանճելոյի արարչագործութիւնը

ՕԴԻ ԱՊԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՍԿՈՂ ՍԱՐՔԵՐ ԿԸ ԶԵՏԵՂՈՒԻՆ ՍԻՍԹԻՆԵԱՆ ՄԱՏՈՒՌԻՆ ՄԷՋ: «Ա. ԷՖ. ՓԷ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Աշխարհահռչակ Սիսթինեան մատուռը պիտի օժտուի օդի ապականութիւնը հակակշռող սարքերով` պաշտպանելու համար Միքելանճելոյի, Պոթիչելլիի, Կիրլանտայոյի եւ Փերուճինոյի նման մեծ արուեստագէտներու անգին որմնանկարները:

Ամէն տարի միլիոնաւոր այցելուներ կը փութան` տեսնելու մատուռը, որ կառուցուած է 15-րդ դարու վերջերուն, Սիքսթոս Դ. պապին հրամանով:

Վատիկանի թանգարաններու տնօրէն Անթոնիօ Փաուլուչի պապական պաշտօնաթերթ «Օսսերվաթորէ Ռոմանօ»-ի մէջ կը բացատրէ, թէ նախաձեռնութեան նպատակն է բարելաւել կառոյցին օդափոխիչ սարքաւորումը:

Օդի ապականութիւնը հակակշռող սարքերը տեղադրուած էին անցեալ ամառ. անոնք կը չափեն ջերմաստիճանը, խոնաւութեան մակարդակը եւ քիմիական տարրերու գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ` օդի հոսանքները, ինչպէս կ՛ըսէ Փաուլուչի:

«Անհրաժեշտ է, որ հասկնաք ապականութեան ներգործութիւնը», կ՛ըսէ ան:

Մատուռին առաստաղէն կախուած են օդի ապականութիւնը հակակշռող 36 սարքեր: 14 այլ սարքեր զետեղուած են կառոյցին տարածքին, որուն պատերն ու առաստաղը ծածկուած են որմնանկարներով:

Սարքերուն փոխանցած տեղեկութիւնները պիտի բաղդատուին վիճակագրական տուեալներու հետ, օրինակ` այցելուներու թիւին եւ հոսքին, որոնց մասին տեղեկութիւն պիտի պահուի դռներուն մէջ զետեղուած նկարահանող գործիքներու եւ ջերմաստիճանը չափող սարքերու միջոցով:

Սիքսթոս Դ. պապը 1480-ին ապսպրած է Սիսթինեան մատրան որմնանկարները, որոնք իրագործուած են Կիրլանտայոյի, Պոթիչելլիի, Փերուճինոյի, Քոսիմօ Ռոսելլիի եւ անոնց արուեստանոցներուն կողմէ:

Առաստաղի որմնանկարները ապսպրուած են Յուլիոս Բ. պապին կողմէ: Զանոնք իրագործած է Միքելանճելօ` 1508-1512: Անոնք կը բաղկանան 9 գեղանկարներու շարքէ մը, որ կը պատկերէ Աստուծոյ արարչագործութիւնը, մարդկութեան հետ Աստուծոյ յարաբերութիւնը եւ մարդկութեան անկումը:

Միքելանճելոյի Վերջին դատաստանը իրագործուած է Սիսթինեան մատրան խորանի պատին վրայ, 1536-1541-ի միջեւ:

Սիսթինեան մատուռը, ուր կաթոլիկ կրօնական առաջնորդներ կը մէկտեղուին` ընտրելու համար յաջորդ պապը, տարին կ՛ընդունի աւելի քան 4 միլիոն այցելու:

Անցեալ տարի գիտնականներ մատրան պատերուն վրայ յայտնաբերած էին մեծ քանակութեամբ օտար մարմիններ, որոնք կրնան ստեղծել որմնանկարներուն վնաս պատճառող  քիմիական հակազդեցութիւններ:

«Ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնենք բաց պահելու համար մատուռը, այն համոզումով, որ այս մէկը կարելի պիտի դառնայ` առանց վտանգելու որմնանկարները», կ՛ըսէ Փաուլուչի:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Նախորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԽԾԲԾՈՂ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՄԸ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԻ

Յաջորդը

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՉԳՈՂՑԱՆ ԿԱՅԱՐԱՆԻՆ ԱՆՄԻՏ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐԸ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.