ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
Կիրակի, 26 յունուար 2020-ին, Մարաշի աղէտի 100-ամեակին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՅԱԿՈԲ ԱԲՂՅ. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:45-ին
Հոգեհանգիստ` ժամը 11:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեան, յարգելու համար յիշատակը Մարաշի աղէտի նահատակներուն:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————-
ԿԱՆԱՆՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆ
ՆՈՐԱՇԷՆԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այսու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը ուրախութեամբ կ՛ուզէ տեղեկացնել, թէ 20 յունուար 2020-էն սկսեալ, ամէն երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 10:00-էն 11:00 տեղի պիտի ունենայ կանանց հոգեւոր լսարան` Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Լսարանը պիտի առաջնորդէ եւ հոգեւոր պատգամները ուղղէ թեմիս քարոզիչ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Հրաւիրուած էք բոլորդ` մասնակից դառնալու հոգեւոր մեր արժէքներուն:
ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ`
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒՄ
Սիրելի՛ հայրենակից,
Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի յիշատակէ Մարաշի աղէտին 100-ամեակը:
Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ, կիրակի, 26 յունուար 2020-ին, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներուն համար:
Կը հրաւիրենք ձեզ բոլորդ ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ եկեղեցական արարողութիւններուն` յարգելու համար խնկելի յիշատակը մեր ննջեցեալներուն:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի` Յաւարտ Ս. պատարագի
Ս. Փրկիչ եկեղեցի` ժամը 10:00-ին
Հայ աւետարանական եկեղեցի, ժամը 10:00-ին
Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց բոլոր հայրենակիցները հրաւիրուած են միութեան «Գերմանիկ» սրահը` հոգեսուրճ առնելու եւ յարգելու մեր նահատակներուն յիշատակը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱԲԳԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆի (մահացած` Հոլանտա) մահուան առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 26 յունուար 2020-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Մարաշի հայրենակցական միութիւնը Մարաշի աղէտի 100-ամեակին առիթով ԼՕԽ-ի «Վ. Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին կը նուիրէ 1.000.000 լ. ոսկի:
————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Յովիկ Քիւրքճեանի մահուան տխուր առիթով`
– Տիար Մելքոն Յակոբեան եւ ընտանիք կը կատարեն հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– «Զուարթնոց» կեդրոնին 150.000 լ. ո.
– «Ազդակ» օրաթերթին 150.000 լ. ո.