23 յունուարին, ժամը 14:40-ին, Հայաստանի ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է, որ «Էրեբունի փլազա» պանդոկին մէջ զինուած անձ մը կրակած է: Անմիջապէս դէպքի վայր մեկնած են ոստիկանութեան ղեկավար կազմն ու համապատասխան խումբեր: Կրակած անձը ձերբակալուած եւ փոխադրուած է ոստիկանատուն:
Ըստ «Հրապարակ»-ին, կրակոց արձակողը Արթուր Թորոսեան անուն-մականունով անձ մըն է: