Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Նորընտիր Պատրիարքը Քննադատած Է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

December 16, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոլսոյ նորընտիր պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեան քննադատած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը: Մաշալեան պատրիարքը թրքական «Սապահ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին այդ բանաձեւը որակած է «անբարոյական քայլ»:

«Այդպիսի բաները պէտք չէ լուրջի առնել: Ոչինչ կայ, որ ուղղակի կերպով կը վերաբերի մեզի, որուն մէջ մենք պէտք է մասնակից ըլլանք», ըսած է Մաշալեան` Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վերաբերեալ:

«Իբրեւ հայ` մենք վշտացած ենք, որ տառապանքը, որ այս հողերուն վրայ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած է, կ՛օգտագործուի օտար երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ` իբրեւ ռազմավարական, տնտեսական եւ քաղաքական ճնշման գործիք», ըսած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը:

«Մենք ատիկա անպատեհ կը նկատենք մեր նախնիներուն նկատմամբ», ըսած է ան:

Նորընտիր պատրիարքը նշած է, թէ յոյս ունի, որ Թուրքիոյ ժողովուրդը անկախաբար կը կարենայ լուծել այս հարցը, եւ Թուրքիան ու Հայաստանը կը կարենան բարելաւել յարաբերութիւնները:

«Երբ երկու կողմերը չեն կրնար խօսիլ, խօսելու իրաւունքի կը յաւակնին երրորդ կողմերը, չորրորդ կողմերը, անոնք, որոնք արտասահմանի մէջ են», ըսած է պատրիարքը եւ աւելցուցած. «Այդ բոլոր հարցերը մենք պէտք է լուծենք: Սակայն որովհետեւ ատիկա կը յետաձգուի, ատիկա իբրեւ լծակ կ՛օգտագործուի Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու համար: Չեմ կարծեր, որ այդքան ալ բարոյական է Հայկական հարցը Թուրքիոյ դէմ իբրեւ քաղաքական գործիք օգտագործելը: Ես քաղաքական գործիչ չեմ, ասիկա մեկնաբանելը քաղաքագէտներու գործն է»:

Նախորդը

«Աշխարհասփիւռ Հայութիւնը Ձեզ Սատար Է, Եւ Դուք Մենակ Չէք». Արցախի Նախկին Վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան` Լիբանանահայութեան

Յաջորդը

Մեկնաբանելով Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը` «Միացեալ Նահանգներու Կառավարութեան Դիրքորոշումը Չէ Փոխուած» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատունը

RelatedPosts

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի  Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին,  Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային
Գլխաւոր լուրեր

ՔՈՓ17-ի Խորհրդաժողովին Կը Խօսուի Բնիկ Ժողովուրդներու Իրաւունքներուն Մասին, Սակայն Արցախն Ու Արցախցիները Կը Բացակային

October 22, 2026
Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական  Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի  Համաձայնագիրի Վաւերացման
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովի Յանձնախումբը Դրական Եզրակացութիւն Տուաւ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացման

October 22, 2026
Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի  Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները
Հայկական

Միրզոյեան Չի Հերքեր Տաւուշի Մէջ Ազրպէյճանցի Հովիւի Մը Յայտնուելուն Մասին Տեղեկութիւնները

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.