Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հրաւէրով Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հանդիպում կայացաւ աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի եւ հայկական ամէնօրեայ լրատուամիջոցներու տնօրէններուն միջեւ: Հանդիպման ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան Գ. քարտուղար Դաւիթ Ալլավերտեան:
Դեսպան Աթաբէկեան պարզեց գործադիր տնօրէնին Լիբանան այցելութեան նպատակը, Լիբանանի ճգնաժամին հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական ծանր կացութեան մէջ լիբանանահայ կրթական մարզին «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի որոշած նիւթական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու կատարած աշխատանքին կարեւորութեան:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործունէութեան մասին գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանի տեղեկատուական եւ վերլուծական զեկուցումը կը վերաբերէր վերջին շրջանի աշխատանքներուն, հանգանակութեան նորարար եղանակներուն, հիմնադրամին մշակած ռազմավարութեան եւ հետագայ ծրագիրներուն:
Ապա օրաթերթերու եւ ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէնները ողջունեցին ճգնաժամին մէջ յայտնուած լիբանանահայ կրթական համակարգին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կատարուած աջակցութիւնը, որմէ ետք քննարկումը կեդրոնացաւ համահայկական այս կարեւորագոյն կառոյցի ցանցային աշխատանքի ծաւալման եւ մանաւանդ սփիւռքահայ տեղեկատուական հաստատութիւններուն կողմէ այդ բոլորին մասին լուսաբանման աշխատանքներուն թափ տալու եղանակներուն վրայ: