Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընը «կրնայ ամէն ինչ կորսնցնել, եթէ թշնամական ձեւով գործէ»: «Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ Թրամփ այս մասին գրած է իր թուիթըրեան էջին վրայ:
«Քիմ Եոնկ Ընը չափազանց խելացի է եւ կրնայ աւելի շատ բան, եթէ ոչ ամէն ինչ կորսնցնել, եթէ գործէ թշնամական ձեւով: Ես եւ ան ապահիւլէականացման հզօր համաձայնագիր կնքած ենք Սինկափուրի մէջ», գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը` նկատի ունենալով 2018 թուականին Սինկափուրի մէջ երկու ղեկավարներուն միջեւ առաջին հանդիպումը:
Թրամփ աւելցուցած է, որ Քիմ Եոնկ Ըն չ՛ուզեր փճացնել Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ իր առանձնայատուկ յարաբերութիւնները:
Բրիտանական օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Թրամփի գրառումը կը վերաբերի 8 դեկտեմբերին լրատուամիջոցներու մէջ տարածուած այն տեղեկութեան, թէ Հիւսիսային Քորէան «չափազանց կարեւոր փորձարկում» կատարած է «Սոհայէ» արձակման կայանին մէջ, եւ փորձարկումը յաջող եղած է:
Մասնագէտներու կարծիքով` իրականացուած է ոչ թէ հրթիռի, այլ ատոր շարժիչի փորձարկում:
Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները նախապէս խոստացած էին փակել այդ կայանը:
Հիւսիսային քորէացի բարձրաստիճան պաշտօնատար Քիմ Եոն Չհոլ, որ նախապէս կը բանակցէր իր երկրի վիճայարոյց հիւլէական ծրագիրին շուրջ, պատասխանելով Թրամփին յայտարարած է, որ Փիոնկիանկ կորսնցնելու ոչինչ ունի եւ պիտի չընկրկի Միացեալ Նահանգներու առջեւ:
Անոր կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախագահի թուիթըրեան գրառումը ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ, որ ան «գրգռուած ծերուկ է` զուրկ համբերութենէ»:
«Թրամփ այնպիսի անխոհեմ եւ անկայուն ծերուկ է: Հիւսիսային Քորէայի վերաբերեալ այնքան բան կայ, որ Թրամփ չի գիտեր: Մենք այլեւս կորսնցնելու ոչինչ ունինք», ըսաւ Քիմ Եոն Չհոլ: