Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Պիտի Նպաստէ, Որ Լիբանանի Օժանդակ Երկիրները «Սետր»-ի Հոլովոյթը Շարունակեն Եւ Բարգաւաճման Ծրագիրներ Սկսին»

Դեկտեմբեր 7, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց բրիտանական դրամատուներ եւ  ներդրումային ընկերութիւններ ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ «Մորկըն Սթենլի» ամերիկեան դրամատան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապին լուծումը պիտի ըլլայ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը` անոր կազմութենէն անմիջապէս ետք:

Ան նկատել տուաւ, որ նախորդ կառավարութիւնը ունէր տնտեսական պատկերացում մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլար փրկել երկիրն ու լիբանանեան տնտեսութիւնը` զայն վերածելով արդիւնաբեր տնտեսութեան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթահորերու եւ բնական կազի հորերու պեղումը պիտի սկսի յառաջիկայ յունուարին:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթահորերու հորատումը Լիբանանը պիտի վերածէ նաւթ եւ կազ արտադրող երկրի մը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին երկուշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2019-ին, որոնց պիտի յաջորդէ կառավարութեան կազմութիւնը:

«Կառավարութեան կազմութիւնը պիտի նպաստէ, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրները «Սետր»-ի հոլովոյթը շարունակեն եւ բարգաւաճման ծրագիրներ սկսին», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան անդրադարձաւ նաեւ ելեւմտական որոշ դասաւորումներու, որոնք որդեգրուեցան ելեւմտական վերջին նիստին ընթացքին` հաստատելով, որ անոնք ժամանակաւոր դասաւորումներ են, որոնք երկրին ելեւմտական ներկայ պայմաններուն համար որդեգրուած են:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Հռոմի Մէջ. «Հոս Կը Գտնուիմ Ձեզմէ Խնդրելու Համար, Որ Լիբանանի Հարցերուն Միջամտողները Հեռացնէք» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Տոքթ. Ռոլան Եունեսի Գլխաւորութեամբ Ժողովրդային Շարժումէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?