Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ ընթրիքի յատուկ երեկոյով մը, որ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի «Մհաննա» ճաշարանին մէջ, պատուեց լիբանանցի մարզական լրագրողները:
Տարիներու իր սովորութեան համաձայն, Համմամ իւրաքանչիւր տարուան աւարտին կը պատուէ եւ բարձր կը գնահատէ մարզական լրագրողները` նշելով, որ անոնք իւրաքանչիւր մարզախաղի մէջ իրենց շինիչ դերը կ՛ունենան:
Իր խօսքին մէջ Համմամ ըսաւ. «Նախ եւ առաջ ձեր բոլորին բարի գալուստի խօսք ըսելէ բացի, կու գամ մեծ հպարտութեամբ ըսելու, որ յառաջիկայ փետրուար 2012-ին պիտի հիւրընկալենք Արաբական վոլիպոլի ակումբներու ախոյեանութիւնը, ինչ որ մեծ նուաճում մը կը նկատուի մեզի համար: Յոյսով ենք, որ 2012-ին եւս յաջողութիւն կ՛արձանագրենք` մեր կողքին ունենալով մարզական լրագրողները: Կու գամ ըսելու, որ 2011-2012 տարեշրջանի մրցումները ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն: Նկատի ունենալով, որ 2015-ին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Արաբական խաղերը, մեր ամէն կարելին պիտի ընենք այս մարզին մէջ ոսկի մետալին տիրանալու համար»:


