Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՐԵԳ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ «ՅՈՅՍԻ ԾԱՌԸ» ԵՐԱԺՇՏԱԽԱՌՆ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԻ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ

December 30, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` հինգշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան Համազգայինի «Արեգ» թատերախումբի «Յոյսի ծառը» երաժշտախառն թատերախաղի ներկայացումները` հետեւողութեամբ Յովհաննէս Թումանեանի «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր» հեքիաթին եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ բազմութեան:

Թատերախաղին հեղինակը, գեղարուեստական ղեկավարն ու բեմադրիչն է Ռոպերթ Առաքելեան: «Արեգ»-ին մաս կազմող երեսուն դերասանները եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցի պարողները շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին ներկայացումով, երգերով ու պարերով հանդիսատեսներուն ներկայացուցին մանկապատանեկան բարձրորակ կատարում եւ օգտաշատ պատգամներ:

Յոյսի ծառը ա՛յն չորցած ծառն է, որ Թորոսը, իր կինը` Արուսն ու զաւակը` Յարութը ամէն օր կը ջրեն, այն յոյսով, որ այդ ծառը օր մըն ալ կը ծաղկի: Անոնք ուրախութիւնը սիրող ընտանիքի մը անդամներն են, եւ թագաւորը ծպտուած իրենց ընտանիքին մէջ կը մտնէ` գտնելու համար իրենց ուրախութեան գաղտնիքը: Թագաւորը կը տեսնէ, որ ուրախութիւնը նիւթականով չ՛արժեւորուիր, այլ` հոգեկան է, նկարագիրին մաս կազմող տուեալ է:

Ուստի, այդ ընտանիքն ու շրջապատը պալատ կը հրաւիրուին, թագաւորին իսկական դիմագիծը կը բացայայտուի, եւ այդտեղ Յարութը կը յայտարարուի իբրեւ ամէնէն իմաստուն մարդը, քանի որ ամէնէն վատ պայմաններուն մէջ ուրախ մթնոլորտի մէջ էր, գիտէր քէֆ ընել ու կեանքը վայելել:

Այս իրադրութեան մէջ, թագուհին, արքայադուստրը, զինուորները, նախարարները, ծաղկավաճառը, կատուն, մսավաճառը, կաթնավաճառը եւ պտղավաճառը կ՛ունենան թատերախաղին մէջ իրենց յատուկ եւ կարեւոր դերերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նաեւ ընկերութեան հատուածի մը մարմնաւորումն է:

«Արեգ» թատերախումբը իր այս որակաւոր ներկայացումով էապէս կ՛արդիւնաւորէ «Արեգ» թատերական դպրոցի դերն ու կարեւորութիւնը: Յայտնենք, որ այսօր, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Արեգ»-ի «Յոյսի ծառը» թատերախաղին վերջին ներկայացումը:

 

 

Նախորդը

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՀՕՄ-Ը Կ՛ՕԺԱՆԴԱԿԷ ՍՈՒՏԱՆԻ ՍՈՎԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

«ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱՒՈՐԵՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄ ՈՒ ՀԱՄԱՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.