Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԱՆՀՊԵԼԻ ՁԵՒԱՉԱՓ ՄԸ ՏԿԱՐԱՑՆԵԼՈՒ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՓՈՐՁ ՄԸ

December 30, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Վերջերս Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ յայտարարեց, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն ետք, Ֆրանսա պէտք է դադրի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ իր միջնորդութենէն: Թուրք ընդդիմադիր երեսփոխան Հալուք Քոչ իր կարգին յայտարարեց, որ «Ֆրանսա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ չի կրնար չէզոք ըլլալ»: Թուրքիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը եւս նշեց, թէ «Ազրպէյճան կ՛ուզէ, որ Թուրքիա ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ դառնայ», սակայն տակաւին Ֆրանսայի համանախագահութիւնը փոխարինելու հարցը չէ բարձրացուցած` տողատակի հասկցնելով, որ թէեւ ցարդ այդ քայլը չէ առած, սակայն հետագային կրնայ ընել այդ մէկը: Վերոնշեալ յայտարարութիւնները Թուրքիա-Ազրպէյճան համակարգում մը կ՛ուրուագծեն, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք այն լրատուութիւնը, թէ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ֆրանսական օրինագիծի որդեգրման

նախօրեակին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են այդ բանաձեւի հարցն ու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիները:

Առաջին հերթին նշենք, որ նախքան Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ դրուած էր Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսայի համանախագահութիւնը` Եւրոպական Միութեան համանախագահութեամբ փոխարինելու գաղափարը: Ուրեմն հայկական օրինագիծի որդեգրումը Մինսքի խմբակի տարազին մէջ փոփոխութիւն մը կատարելու նպատակը հետապնդող կողմերուն համար ընդամէնը պատրուակ է:

Թուրք եւ ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու այդ առումով կատարած յայտարարութիւնները անհիմն են, որովհետեւ անհեթեթ է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ այդ գործընթացին մէջ Ֆրանսայի միջնորդի դերակատարութեան առնչելը: Այդ օրինագիծը առնչուած չէ Ազրպէյճանին կամ Լեռնային Ղարաբաղին, այլ Թուրքիոյ եւ որեւէ ձեւով չի կրնար ազդել ֆրանսական միջնորդութեան անկողմնակալութեան վրայ, որովհետեւ երկու հարցերը բոլորովին անջատ են իրարմէ, իսկ «մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն» կարգախօսը չի կրնար, յաչս միջազգային հանրութեան, այդ անտրամաբանական գաղափարին հիմնաւորումը ըլլալ, մանաւանդ որ այդ կարգախօսը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան օրերուն եւ այլ առիթներով ալ իր թուլութեան փաստը տուած է:

Ուրեմն` թիրախը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափն է: Ազրպէյճանական կողմը այդ խմբակին Թուրքիոյ անդամակցութիւնը կ՛առաջադրէ` քաջ գիտնալով, որ այդ ընտրանքը կտրուկ կերպով պիտի մերժուի հայկական կողմէն, եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը պիտի վերածուի միջին լուծում մը եղող «տրամաբանական» ընտրանքի: Հարցն այն է, որ Մինսքի խմբակի միւս անդամները անհպելի են, իսկ Ֆրանսա համանախագահ եռեակին մէջ տկար օղակն է: Միւս կողմէ,` թրքական եւ ազրպէյճանական կողմը եւրոպական տարբեր կառոյցներուն իր անդամակցութեան եւ այդ կառոյցներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ որդեգրուած ազրպէյճանամէտ որոշումներուն միջոցով կրնայ Եւրոպական Միութեան վրայ ազդել, սակայն Ֆրանսայի կեցուածքներուն վրայ ազդելը անհամեմատ աւելի դժուար է: Ահա թէ ինչու Եւրոպական Միութիւնը թուրք-ազրպէյճանական կողմին իսկական եւ նախընտրելի թեկնածուն կը թուի, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ՄԱԿ տեղափոխելուն այլընտրանքը ըլլալ:

Այստեղ ամէնէն վտանգաւորը համանախագահ երկիրի մը մէկ այլ երկիրով կամ կառոյցով փոխարինումը չէ, այլ նախադէպի մը արձանագրութիւնը: Նախադէպ մը, որ կը տկարացնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մինչեւ օրս անհպելի ձեւաչափը եւ կրնայ հետագային զայն տապալելու նախաքայլը ըլլալ: Հայկական կողմը կրնայ թուրք-ազրպէյճանական վերոնշեալ երկար-բարակ հաշիւներուն վրայ հիմնուած ծրագիրը տապալել` պարզ «ոչ»-ով մը:

 

Նախորդը

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԱ

Յաջորդը

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՀՕՄ-Ը Կ՛ՕԺԱՆԴԱԿԷ ՍՈՒՏԱՆԻ ՍՈՎԱՀԱՐՆԵՐՈՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.