Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԵԱՆՔԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

December 29, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամբողջ դեկտեմբեր ամիսը կը թուի կախարդական ըլլալ: Միշտ մեզի ընկերակցող զգացումներ եւ յիշատակներ, յատկապէս` մեր մանկութեան հանգրուանէն, Նոր տարուան ընթացքին աւելի տիրական կը դարձնեն իրենց ներկայութիւնը: Բայց արդեօք ի՞նչ կը սպասենք եւ ի՞նչ կը յուսանք:

Նիւ Եորքի մէջ լոյս տեսնող «Թայմզ»¬ի լրագրող Տէյվիտ Պրուքս իր նշանաւոր «Կեանքի տեղեկագիր» սիւնակին մէջ գրած է հետաքրքրական յօդուած մը: Ան մարտահրաւէր կը կարդայ 70 տարիքը բոլորած բոլոր անձերուն` արժեւորում մը կատարելու իրենց կեանքին` եւ  ճշդելու, թէ ի՛նչ բան ճիշդ ըրած են, ո՞ւր սխալած են, ինչո՞վ հպարտ են ու ինչի՞ համար կը զղջան:

Հետաքրքրութեան համար ուզեցի կատարել այս հաշուեյարդարը եւ ծնողներուս եւս առաջարկեցի ընել նոյնը: Անոնք ուրախութեամբ կատարեցին այս մէկը եւ արդիւնքը հիանալի էր: Կ՛ուզեմ ձեզի եւս առաջարկել այս փորձը կատարել: Մի՛ սպասէք 70 տարեկան ըլլալ, որպէսզի այս տեղեկագիրը պատրաստէք, այլ այդ մէկը ըրէք այս խճողուած եւ հեւքոտ ամսուան ընթացքին, երբ ժամանակ չկայ տեսնելու ու արժեւորելու մեզի հասած առատ օրհնութիւններն ու շնորհակալ ըլլալու այդ բոլորին համար:

Երբ մեր ժամանակը լեցուն է ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն նուէրներ գնելու վազքով, հաւաքոյթներ կազմակերպելու խճողուածութեամբ, բնականաբար մեր ուժն ու կարողականութիւնը կը սպառի, այս բոլորը մեզմէ կը խլեն մեր ժամանակը, կորովն ու նիւթականը: Հաւանաբար ճիշդ այդ ատեն է, որ պէտք է պահ մը կանգ առնել ու գրել այդ տեղեկագիրը` ձեր կեանքին մասին, ու վստահ եմ, որ այս փորձը յաճախ պիտի կրկնէք:

Հաւանաբար գրէք այն դրական դասերուն մասին, զորս սորվեցաք ձեր շրջապատէն. ո՞ր մարզին մէջ աւելի բարձր գնահատական կու տաք դուք ձեզի` տա՞ն, աշխատավայրի՞ն, թէ՞այլուր: Երբ այս բոլորը գրի առնէք,  անպայման կը տեսնէք ձեր օրհնութիւնները, եւ կարծէք ամէն ինչ իր համապատասխան արժէքն ու տեղը կը ստանայ, աւելի յստակ գնահատականներ տալու կարելիութիւն կ՛ունենանք եւ կ՛արժեւորէք անհամար օրհնութիւնները: Երբ Կաղանդ պապուկը մեզի չայցելէ, պէտք չէ յուսախաբ ըլլանք, որովհետեւ ան վստահաբար զբաղած է մեզմէ աւելի նուազ բախտաւորները ուրախացնելով, պէտք է նաեւ գիտակցինք, որ նիւթական բաներու կարիք չունինք ուրախ ըլլալու համար:

Կը մաղթեմ, որ այս հեւքոտ ամսուան ընթացքին վայելէք հանդարտ եւ խաղաղ պահեր, լաւ պիտի ըլլայ նաեւ, որ կեանքի տեղեկագիրը բաժնեկցիք ձեր ընտանիքին հետ` զանոնք հրաւիրելով նոյնը ընելու:

Ինչպէս ալ նշէք տօնը ու անցընէք այս տօնական օրերը, ուրախութիւն կը մաղթեմ ձեզի: Կը մաղթեմ, որ պարուրուիք երախտագիտութեան զգացումներով, որովհետեւ կեանքը գեղեցիկ է ու թանկագին: Ուրախ դեկտեմբեր ձեր բոլորին:

Թարգմանեց` ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ 

Նախորդը

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԼՕԽ-Ի ՁԵՌԱՐՈՒԵՍՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ

Յաջորդը

ՊՐԱԶԻԼԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԵՑԱՒ ՀՈԳԵՊԱՐԱՐ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԵՐԵԿՈՅ ՄԸ. ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԻ ԵՒ ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՐԹԻՆԵԱՆԻ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՀԱՄԵՐԳԸ ՍԱՆ ՓԱՈՒԼՈՅԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.