Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

December 28, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման առիթով, ուրբաթ, 23 եւ երկուշաբթի, 26 դեկտեմբերին «Ժազիրա» եւ «Պի. Պի. Սի. – Արապիք» պատկերասփիւռի կայանները հարցազրոյցներ կատարեցին Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեանի հետ:

Պատասխանելով այս օրինագիծին որդեգրման կարեւորութեան վերաբերող հարցումի մը` Վ. Եագուպեան յայտնեց, որ հայերը ամէնուրեք ողջունեցին Ֆրանսայի այս քայլը` զայն նկատելով մեծ իրագործում եւ պատմական իրողութեան յաղթանակ:

Հակազդելով լրագրողին այն հարցումին, թէ Թուրքիա 1915-ի դէպքերուն գծով այլ տուեալներ եւ տարբերակներ կը ներկայացնէ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն յստակացուց, որ բնական է Թուրքիոյ կողմէ նման արարքներու դրսեւորումն ու պատմութեան խեղաթիւրումը` հաստատելով, որ պատմական իրողութիւնը, որ նաեւ բազմաթիւ պետութիւններու կողմէ հաստատուած է, կ՛ըսէ, թէ 1915-ին  մէկուկէս միլիոն հայեր ջարդուեցան օսմանցի թուրքերուն կողմէ: Այս գծով Վ. Եագուպեան հարց տուաւ, որ եթէ հայութեան եւ շատ մը երկիրներու կողմէ հաստատուած պատմական տուեալները սխալ էին, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել Անատոլուի շրջանէն շուրջ 2 միլիոն հայերու անհետացումը, հայկական եկեղեցիներու, վանքերու եւ մշակութային կոթողներու ոչնչացումը: Ան աւելցուց, որ այսօր արդեօք ի՞նչ պատճառով մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, որ արդեօք հայերը այսօր չե՞ն կրնար պատմական անարդարութիւնը շրջանցելով` պետութիւններուն միջեւ առողջ յարաբերութիւններ մշակել, Վ. Եագուպեան նշեց, որ կարելի չէ անցեալը ներկայէն անջատել, մանաւանդ որ ներկայիս հայութեան պարզած պատկերը հիմնուած է 1915-ին տեղի ունեցած ջարդերուն վրայ եւ հետեւանքն է անոնց: Ան յստակացուց, որ հայութիւնը այս անարդարութիւնը կրնայ շրջանցել միայն այն ատեն, երբ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ բարոյական ու նիւթական հատուցում կատարէ` աւելցնելով, որ Թուրքիա եւս իր պատմութեան հետ դէմ յանդիման կանգնելու անհրաժեշտութեան դիմաց է:

Հարցազրոյցին ընթացքին լրագրողը հարց տուաւ, որ անցեալին Ալճերիոյ մէջ ցեղասպանութիւն գործած Ֆրանսա ինչպէ՞ս կը դատապարտէ այլ երկրի մը կողմէ ուրիշ ժողովուրդի մը դէմ գործուած ոճիրը, այս մէկը արդեօք երկու չափ, երկու կշիռ չի՞ նշանակեր: Վ. Եագուպեան պատասխանեց ըսելով, որ հայութիւնը կը հաւատայ, որ միջազգային ընտանիքին պարտականութիւնն է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ճնշել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ճանչնայ այս ոճիրը: Արդարեւ, եթէ անցեալին Թուրքիան պատժուէր իր գործած սպանդին համար, այսօր մարդկութեան դէմ նմանօրինակ ոճիրներ պիտի չգործուէին: Զարմանալին այն է, դիտել տուաւ Վ. Եագուպեան, որ Թուրքիա ո՛չ միայն ինք կը հերքէ Ցեղասպանութիւնը, այլ ամբողջ աշխարհէն կը պահանջէ նման կեցուածք որդեգրել:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք այս որոշումին ետին Ֆրանսայի կողմէ ընտրական հաշիւներ կա՞ն` Վերա Եագուպեան յստակացուց, թէ Ֆրանսա եւրոպական այն երկիրներէն է, որ 2001-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ այս բանաձեւի որդեգրումը շարունակութիւնն է այդ քայլին: Առաւել, նշեց ան, ֆրանսական քաղաքական երկու ուժերու համաձայնութեամբ որդեգրուած է այս բանաձեւը, ուրեմն, նման որոշում մը  ընտրական հաշիւներէ զերծ է:

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն բնականոնացման իմաստով այս բանաձեւին ունենալիք ժխտական ազդեցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ զոյգ պետութիւններուն միջեւ կապերը ոչ մէկ օր լաւ եղած են, ուստի չի կարծեր, թէ նման բանաձեւ մը կրնայ վնասել անոնց: Անոր համաձայն, Թուրքիա միշտ ալ ի՛նք արգելք հանդիսացած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման:

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ
ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

27 դեկտեմբեր, 2011
Պէյրութ

Նախորդը

ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` «ՍԱՈՒՐԱ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ԿՈՂՄԷ

Յաջորդը

ՍԱԼԱՖԱԿԱՆՆԵՐԸ ԳԱՂՏՆԱԲԱՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՀԵՏ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻՆ ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒ` ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՏԻՐԱՆԱԼՈՒՆ ԱՐԳԵԼՔ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.